Նիւ Ճըրզիի աւանդապահ համայնքը Սեպտեմբեր 11-ին կորսնցուց հայատրոփ տոկուն նկարագրով իր հարազատ ազգայինը` Յովհաննէս Գարթալեանը: Ան` ծնած էր Վան (Վասպուրական) 1925ին եւ երեք տարեկան հասակին ծնողքին հետ տեղափոխուած էր Իսթանպուլ, ուր աւելի ուշ յաճախած էր Տատեան ու ապա՝ Կեդրոնական վարժարանները: Դժբախտաբար չէր կրցած շարունակել իր բարձրագոյն ուսումը, այդ օրերուն պետութեան կողմէ փոքրամասնութեանց վրայ պարտադրուած տուրքին (Վարլիկ Վերկիսի) պատճառով: Տխուր օրեր էին իրեն, ընտանիքին եւ առ հասարակ հայութեան համար:
Խումբ մը ընկերներու հետ Գում Գափուի մէջ, կը կազմակերպէ ոտնագնդակի խումբ մը` «Գարթալ» անունով: 1953-1980 կը բանեցնէ իր հագուստեղէնի վաճառատունը մասնագիտանալով` ծովային զգեստներու առեւտուրի մէջ: Ան գտած իր յաջողութեամբ զանոնք կ'արտածէ եւրոպական երկիրներ: 1957ին կ'ամուսնանայ Պերճուհի Չաքիճեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երեք զաւակներով` Արտեն, Արետ եւ Ասլին: 1980ին կը տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներ։
Իր կնոջ մահէն ետք կը միանայ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեաց եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան: Աւելի ուշ մաս կը կազմէ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին եւ բեմ կը բարձրանայ իւրայատուկ դերերով, ինչպէս` Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած «Ոտքի՛, դատարանն է...» թատերախաղին մէջ։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 15ին Ֆէյր Լոնի Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ մէջ:
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ողբացեալի հարազատներուն, վանեցի մեր բարեկամ ազգայինին մահուան տխուր առթիւ:
Լուրը՝ «Պայքար»էն