image

Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաջնորդները ՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին մօտ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաջնորդները ՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին մօտ

ԱՄՆ հրապարակուող «Պայքար» շաբաթաթերթէն կը կարդանք, թէ Շաբաթ, 23 Հոկտեմբերին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետը Մայր Աթոռի վեհարանին մէջ ընդունած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար կազմը: Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւններ կատարուած է Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, եկեղեցւոյ դերին եւ Թէքէեանի տարբեր կազմերու մասին:

Նկարին մէջ (ձախէն աջ)՝ ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Դոկտ. Ռուբէն Միրզախանեան, ԹՄՄ Լիբանանի Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեան, Վեհափառ Հայրապետը եւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան: