image
Հրատապ լուրեր:

Թեմակալ մարմիններու նեցուկով Մրգաւանի մէջ գրադարանի վերանորոգում

Թեմակալ մարմիններու նեցուկով Մրգաւանի մէջ գրադարանի վերանորոգում

Մասյացոտնի թեմի առաջնորդ Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան այցելեց Ոստանի Սուրբ Սարգիս եւ Մրգաւանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիներ եւ ծանօթացաւ շինարարական աշխատանքներուն:

Սրբազան հայրը իր գնահատանքը բերաւ յիշեալ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Տէր Միքայէլ քահանայ Նուրիճանեանին, Ոստանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնանորոգումը ստանձնած Յարութիւնեան ընտանիքին, Ոստանի համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գէորգ Զաքարեանին եւ Մրգաւանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակին մէջ գրատան շինարարական աշխատանքները հովանաւորող Արթուր Ղազարեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր շինարարներուն` բարեխիղճ աշխատանքի համար: