image

Թէլ Աւիւի մերձ զինեալ գործողութիւն. կան 5 զոհեր

Թէլ Աւիւի մերձ զինեալ գործողութիւն. կան 5 զոհեր

 Կարգ մը դէտեր չեն բացառած, որ Իսրայէլ ռազմական գործողութեան մը ձեռնարկէ տրուած ըլլալով, որ անցնող տ օրերուն այս երրորդ զինեալ դէպքն է, որ տեղի կ՚ունենայ, որոնց հետեւանքով ալ  14 իսրայէլացիներ սպաննուած են։

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդած են, թէ Թէլ Աւիւի արեւելեան կողմը գտնուող Պանի Պրաք շրջանին մէջ տեղի ունեցած է զինեալ գործողութիւն:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։

Նշուած է, թէ շարժակաւոր հեծելանիւով զինեալ մը, օգտագործելով «Քալաշնիքով» տեսակի գնդացիրը կրակ բացած է, որուն զոհ գացած է 5 անձեր, եւ ինկած են 6 վիրաւորներ։

 Իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ դէպքէն անմիջապէս ետք Իսրայէլի փոքրացուած կառավարութիւնը արտահերթ նիստ մը գումարած է իր յառաջիկայ քայլերը որոշելու համար։