image

Թէլ Աւիւ- Ուաշինկթըն «անհամութիւն» ... «Հըզպալլա»ի պատճառով

Թէլ Աւիւ- Ուաշինկթըն «անհամութիւն» ... «Հըզպալլա»ի պատճառով

ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութեանց ծիրին մէջ անցնող օրերուն երեւելի լարուածութիւն գրանցուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է իսրայէլեան «Տասներորդ» կայանին կողմէ, որ նաեւ յայտնած է, թէ այդ «անհամ» վիճակը ստեղծուած է իսրայէլացի բարձրաստիճան սպաներու Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին:

Ըստ աղբիւրին Իսրայէլացի պատասխանատուները «Հըզպալլա»ի մասին ունեցած իրենց «մտավախութիւնները» ներկայաուցած է ԱՄՆ անվտանգութեան խորհուրդի պետ զօր. Հէրպըրթ Ռէյմընտ վերջինին բացատրելով, այն հանգամանքները, որոնց հիման վրայ «Հըզպալլա»ն կը համարուի ահաբեկչական խմբաւորում:

Իսրայէլացիներու տուած բացատրութիւններուն ընթացքին ամերիկացի զինուորականը իր գրասենեակ հրաւիրած է ԱՄՆ-ի մօտ ահաբեկչական խմբաւորումներու յատուկ մասնագէտ ՝ Մուսթաֆա Ժաուատ Ալի, որուն իսլամ հանդիսանալը բողոք բարձրացուցած է իսրայէլացիներուն մօտ: Արդիւնքը ՝ եղած է պոռչտուք , որուն հետեւանքով ալ պատուիրակութիւնը հեռացած է Ռէյմընտի գրասենեակէն:

Իսրայէլեան աղբիւրը, որ այս մանրամասնութիւնները ներկայացուցած է հանրութեան նաեւ մտավախութիւն յայտնած է, որ Ռէյմընտի իսրայէլացի պատասխանատուներուն հետ ունեցած բուռն վէճը իր ժխտական հետեւանքները կրնայ ունենալ Ուաշինկթըն- Թէլ Աւիւ յարաբերութեանց վրայ մանաւան, որ Ռէյմընտ յայտնի է նախագահ Թրամբի վստահելի մէկ անձնաւորութիւնը ըլլալու եղելութեամբ: