image

Թեհրանի Թեմէն ներս մատուցուած է Ամանօրեայ յատուկ Պատարագ

Թեհրանի  Թեմէն ներս    մատուցուած է Ամանօրեայ  յատուկ  Պատարագ

Տնօրինութեամբ  Թեմի Առաջնորդ  Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեանի  Թեհրանի    առաջնորդանիստ,  ինչպէս  նաեւ  թեմական   բոլոր եկեղեցիներուն  մէջ    մատուցուած է   Ամանորը   նշելու   յատուկ  Սուրբ եւ  Անմահ  Պատարագ։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Թեհրանի  Հայոց  Առաջնորդարանի    կայքէջէն։

 

 Ստորեւ  ներկայացուած  տեղեկատւութիւնը.

 

Ուրբաթ Առաւօտեան՝ 1 յունուարին, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ամանորեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդուելով նորոգուի եւ շնորհազարդուի աստուածային պարգեւներով։

Թեհրանի Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութիւնը կը  նախագահէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Տ․ Սեպուհ Ս․ Արք․ Սարգսեան։ Պատարագիչն էր Արժ․ Տ․ Սահակ Քհնյ․ Խոսրովեան։

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր ամանորեան հայրական պատգամը։ Ան նախ ակնարկեց մարդկութեան մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկուն՝ «Քորոնա» ժահրին, որ տակաւին կը շարունակէ անխնայ հարուածել իր շրջապատը, հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդոց մահուան պատճառ դառնալով։

Ապա անդադարձաւ Արցախեան գոյամարտին՝ որ 44 օրերու ընթացքին ամէն կողմ աւեր ու աւար տարածեց, միաժամանակ հազարաւոր հայորդիներու նահատակութեան պատճառ դառնալով։ Ապա շարունակեց, թէ այդ բոլոր նեղութիւններով հանդերձ հայ ժողովուրդը որպէս քրիստոնեայ ազգ, պատուհասները պիտի շահագործէ որպէս առիթ վկայելու իր հաւատքը եւ խարսխուած պիտի մնայ Յիսուս Քրիստոս ժայռին վրայ։ Ան ըսաւ «Սա գեղեցիկ առիթ է միանգամայն, որ Քրիստոսի ծնունդով մեզ շնորհուած Փրկութեան խորհուրդն ու անկէ ճառագայթող հաւատքն ու յոյսը բաժնեկցենք միմեանց հետ եւ դրանցով զօրացած ու ամրացած փորձենք յաղթահարել այս աղէտները»։

Ապա անդրադառնալով կեանքի մէջ առկայ գայթակղութիւններուն ու փորձութիւններուն քաջալերեց սպառազինուիլ հաւատքով։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ հայ կեանքը վերջին երեք հազար տարիներու ընթացքին, անցնելով մութ ու խաւար կածաններէն առանց յուսահատութեան ու շնորհիւ իր լուսաւոր հաւատքին եւ աննկուն կամքին կարողացաւ խաւարը լոյսի փոխակերպել ու շարունակել իր կեանքը։ Նաեւ մէջբերելով Քրիստոսի խօսքը .«Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատ ունենաք եւ ասէք այս թթենուն “Արմատախիլ եղիր եւ տնկուիր ծովի մէջ”, ան կը հնազանդի ձեզ» (Ղկ. 17։6) յոյս յայտնեց Քրիստոնէական հաւատքով զօրացած արմատախիլ ընել կեանքի մէջ առկայ դժուարութիւնները։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ շնորհաւորական մաղթանքներ։