Օրերս Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է 40 օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն Վարդան Դաւթեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ մեր խմբագրութեան յղուած լրատւութիւնը։
2023 թուականի դեկտեմբեր 18-ին Թեհրանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային-հասարակական գործիչ, լրագրող եւ «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութեան բազմամեայ աշխատակից՝ Վարդան Դաւթեանը։
Ան պատանի հասակէն իր մասնակցութիւնը բերած է ազգային-հասարակական եւ մշակութային աշխատանքներուն մէջ եւ երիտասարդ տարիքէն միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն, ուր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոր հաւատքով եւ զոհաբերութեամբ ծառայած է իր փայփայած կուսակցութեան վեհ գաղափարի իրականացման։
Այսօր՝ 2024-ի յունուար 26-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Վարդան Դաւթեանի մահուան քառասունօրեակի առիթով։
Ներկայ էին համայնքի բազմաթիւ ազգային-հասարակական դէմքեր, անոր վաղեմի ընկերները եւ բարեկամները։
Գրեթէ բոլոր մասնակցողները խոտովանեցան, որ դեռ շատ երկար ժամանակ պիտի զգացուի Վարդանի բացակայութիւնը Թեհրանի հայ համայնքին մէջ եւ իր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ իր ընկերներու եւ հարազատներու սրտերուն մէջ։