Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին չինական CCTV հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Թեհրանը պատրաստ է անյապաղ կառուցողական բանակցութիւններ սկսելու Արեւմուտքի հետ միջուկային ծրագրի շուրջ, սակայն ատոնք պէտք է յանգեցնեն համաձայնութեան:
Արաքչին միջուկային գործարքէն ԱՄՆ-ի դուրս գալը ռազմավարական սխալ անուանած է:
Անոր խօսքով՝ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերացումը պիտի նպաստէ միջուկային ծրագրի նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման: