image
Հրատապ լուրեր:

Թէ Մոսկուա եւ թէ ալ Պաքու զգուշաւորութեամբ կը մօտենան Փաշինեանի առաջարկին. Kommersant-ի անդրադարձը

Թէ Մոսկուա եւ թէ ալ Պաքու զգուշաւորութեամբ կը մօտենան Փաշինեանի առաջարկին. Kommersant-ի անդրադարձը

Ռուսական Kommersant պարբերականը անդրադարձած է Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան լուրջ սրման, որ յանգեցուցած է քաղաքական նոր նախաձեռնութիւններու: 

Ապագային նման միջադէպերէ խուսափելու համար ՀՀ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը փաստացի առաջարկած է Ատրպէյճանի հետ սահմանի վերահսկողութիւնը յանձնել ռուս սահմանապահներուն եւ անոնց հետ տեղակայել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդները: 

Հաշուի առնելով, որ Սեպտեմբերին Երեւանը պիտի ստանձնէ այս կազմակերպութեան նախագահութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հարցը օրակարգ մտցնել: Սակայն, ինչպէս Պաքուի, այնպէս ալ Մոսկուայի մէջ, Փաշինեանի գաղափարին արձագանգած են առանց աւելորդ ոգեւորութեան:

Ներկայիս ռուս սահմանապահները կը պահպանեն Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանը, իսկ անցեալ տարուան պատերազմէն ետք լրացուցիչ սահմանակէտեր տեղադրուած են Ատրպէյճանի հետ սահմանին ինչպէս արեւմուտքի մէջ, ուր կը գտնուի Նախիջեւանի անկլաւը (միջերկիր), այնպէս ալ արեւելքի մէջ, ուր նոր սահմանը բառացիօրէն մէջտեղէն կը կիսէ հայկական գիւղերը: Յունիսին Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը յայտարարած է, որ հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերու կազմը պիտի աւելնայ, չնայած ան չէ նշած, թէ որքան: Սակայն թէ՛ Մոսկուան, թէ՛ Պաքուն զգուշութեամբ կը վերաբերին Երեւանէն եկած նոր մտայղացման:

«Մենք գիտենք, որ երէկ հայ-ատրպէյճանական սահմանին սրացում տեղի ունեցած է: Եւ դուք գիտէք, որ Ռուսաստանի ներկայացուցիչները մեծ ջանքեր գործադրած են հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու համար: Աշխատանքը կը շարունակուի»,-պատասխանած է Փեսքովը լրագրողներու այն հարցին, թէ պատրաստ է արդեօք Մոսկուան վերցնել Հայաստանի սահմանը պաշտպանութեան տակ եւ չի վախնար արդեօք Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու սրումէն:

«Ռուսաստանը կը շարունակէ շփումները Երեւանի եւ Պաքուի հետ՝ եռակողմ համաձայնագրերու լիարժէք իրականացումը ապահովելու համար»,-ըսած է Փեսքով լրագրողներուն:

Երբ վերջինէս խնդրած են պարզաբանել Փաշինեանի խնդրանքը կատարելու պատրաստակամութիւնը, Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղարն ըսած է. «Երեւանի հետ շփումները կը շարունակուին. աւելցնելու բան չունիմ»: Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն Kommersant -ին եւս հասկցուցած են, որ իրենք այս թեմայով մեկնաբանութիւններ չեն տար:

Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը կը պարունակէր նոյնիսկ աւելի համարձակ գաղափար՝ սահման հրաւիրել ոչ միայն ռուս սահմանապահները, այլեւ ՀԱՊԿ դիտորդները: Հաւանաբար, նման առաջարկը կապուած է այն փաստի հետ, որ Սեպտեմբերին Երեւանը պիտի ստանձնէ այս կազմակերպութեան նախագահութիւնը, որ օրակարգի վրայ ազդելու աւելի լայն հնարաւորութիւններ կու տայ: Դեռ Մայիսին Փաշինեանը, աջակիցներու հետ, կը քննադատէր ՀԱՊԿ-ը Սեւ լիճի շրջանին մէջ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան սրման ընթացքին «դանդաղկոտութեան» համար: Երեւանի մէջ հիասթափութեամբ ընդունած են նաեւ այն, որ կազմակերպութիւնը մերժած է Ատրպէյճանի հետ սահմանային հակամարտութեան հարցով օգնութեան խնդրանքը: Բայց ՀԱՊԿ-ի մէջ սեփական նախագահութեան տարուան համար Նիկոլ Փաշինեանի խումբը յստակ կը կառուցէ շատ յաւակնոտ ծրագրեր: Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք ՀԱՊԿ կայքը տեղադրած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի մեկնաբանութիւնը, որուն մէջ, սակայն, ոչ մէկ խօսք կայ դիտորդներու տեղակայման մասին:

«2021 թուականի լոյս 28 Յուլիսի գիշերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած են ռազմական բախումներ, որոնց հետեւանքով հայկական զինուած ուժերու երեք զինծառայող զոհուած է, չորսը` վիրաւորուած: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում: Լուրջ մտահոգութիւն կ'առաջացնէ տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան հետագայ աճի վտանգը, որ կրնայ բացասաբար անդրադառնալ եռակողմ համաձայնագրերու կատարման վրայ, որոնք ամրագրուած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի 10 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ: Անընդունելի կը համարենք ուժի կիրառումը: Հակասութիւնները լուծելու համար պէտք է օգտագործել միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներ: Կ'ողջունեմ Ռուսաստանի Դաշնութեան ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի կայունացման»,-ըսուած է Զասի յայտարարութեան մէջ:

Երեւանը դեռ յոյս ունի, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ նախագահութիւնը թոյլ կու տայ ինչ-որ կերպ բարելաւել դիրքերը Ատրպէյճանի հետ դիմակայութեան մէջ:

Բայց, ինչպէս նշած է քաղաքական վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանը, Նիկոլ Փաշինեանի խումբը պէտք չէ մոռնայ, որ ռազմական պլոքի ուշադրութիւնը այժմ կը գրաւէ մէկ այլ տարածաշրջան՝ Կեդրոնական Ասիան, ուր ապակայունացում կրնայ առաջանալ Աֆղանիստանէն ՆԱԹՕ-ի զօրքերու դուրսբերման պատճառով:

«ՀԱՊԿ-ը յատուկ նշանակութիւն ձեռք կը բերէ Ռուսաստանի համար: Երեւանը այդ կը հասկնայ, ուստի կը փորձէ հարուածներ չհասցնել անոր հեղինակութեան, որպէսզի չխանգարէ Մոսկուային Աֆղանիստանի հետ սահմանին օգտագործել կազմակերպութեան գործիքակազմը: Բայց այդ չի նշանակեր, որ մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու համար ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութիւնը կը հանուի: Երեւանը կ'ակնկալէ, որ կազմակերպութիւնը, այնուամենայնիւ, պիտի զբաղուի Հայաստանին յուզող խնդիրներով»,-Kommersant-ին ըսած է փորձագէտը:

Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Իլկար Վելիզատէն, իր հերթին, ամբողջովին մերժած է երկու երկիրներու սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդներ տեղադրելու գաղափարը, քանի որ Պաքուն այս կազմակերպութեան անդամ չէ:

Ռուս քաղաքագէտ, յետխորհրդային տարածքի փորձագէտ Արկադի Տուպնովը Kommersant-ին ըսած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութիւնները այնքան ալ հեռանկարային չեն: Ան համոզուած է, որ հայ-ատրպեճանական սահմանին դիտորդներ տեղակայելու գաղափարը ՀԱՊԿ-ի մէջ համաձայնութիւն չի գտներ, իսկ Պաքուին հաշուոյն չի գար ռուս սահմանապահներու տեղակայումը սահմանի ողջ երկայնքով: Բացի այդ, փորձագէտը ուշադրութիւն հրաւիրած է Փաշինեանի յայտարարութեան մանրամասներու վրայ, որոնք նոյնպէս կրնան շատ բանի մասին վկայել:

«Նիկոլ Փաշինեանը կը պարզաբանէ, որ եթէ ՀԱՊԿ-էն հնարաւոր չէ դիտորդներ ուղարկել, անոնց կրնան փոխարինել ԵԱՀԿ դիտորդներ: Սա ակնյայտ սադրանք է Մոսկուայի դէմ, ակնարկ, որ ան չի կրնար ինքնուրւյն գլուխ հանել խաղաղարարի գործառոյթը: Երեւանը ակնյայտօրէն կը կարծէ, որ դաշնակիցներ ունի Ռուսաստանէն դուրս, օրինակ ՝ Փարիզի եւ Ուաշինկթընի մէջ», - նշած է ան:

Ըստ Արկադի Տուպնովի, անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի թեմային, Նիկոլ Փաշինեանը «կը կրկնէ նոյն սխալները, որոնք թոյլ տուած էր 2018-ին իր կառավարման սկիզբէն»:

Յիշեցնենք, որ այն ժամանակ նորընտիր ղեկավարը նախաձեռնած էր քրէական հետապնդում Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ, որ այդ ժամանակ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարն էր, եւ 2008 -ին ղեկավարած է Երեւանի ռազմական կայազօրը եւ, ըստ Փաշինեանի, մասնակցած է ապօրինի ուժի կիրառման ընդդիմութեան հանրահաւաքի մասնակիցներու նկատմամբ:

«Այդ իրավիճակը ոչ մէկ օգուտ բերաւ Երեւանին: Իրավիճակէն դուրս եկան, բայց ակնյայտ վնաս հասցնելով թէ՛ ՀԱՊԿ-ի, թէ՛ Հայաստանի հեղինակութեան: Ես չեմ գիտեր՝  Նիկոլ Փաշինեանը կը գիտակցի՞, որ կը կէկնէ իր սխալը, բայց անոր ներկայիս հռետորաբանութիւնը կրնայ բերել նմանատիպ հետեւանքներու»,-եզրափակած է Տուպնովը: