image

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»ի պատասխանատուներուն այցը՝ Անթիլիաս

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»ի պատասխանատուներուն այցը՝ Անթիլիաս

Օրերս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնօրէնները, գլխաւորութեամբ ձեռնարկի Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնօրէնները, գլխաւորութեամբ ձեռնարկի Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի:

Այցելուները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց գործունէութիւնը, միաժամանակ՝ դիմագրաւած մտահոգութիւնները:

Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես յիշեալ երկիրներուն մէջ Ճինիշեան ձեռնարկին կատարած գործունէութեան: Ան իր օրհնութիւնը տուաւ տնօրէններուն եւ իրենց օգնականներուն, միաժամանակ շեշտելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ թելադրեց, որ պատասխանատուները նկատի ունենան իրենց շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներու առաջնահերթութիւնը, ըստ այնմ համապատասխան մօտեցումներ ճշդեն եւ միշտ ուշադիր ըլլան հաւասարակշռութիւն պահելու՝ անհատներու եւ հաւաքականութեան ուղղուած օժանդակութիւններուն գծով: