image

Ճանչնանք մեր բառերը (2)

Ճանչնանք մեր բառերը (2)

   1. Փուշման

Աւելի քան քսան տարի առաջ էր:

Աթոռիս վրայ ունէի երիտասարդ հիւանդ մը. մէկ կողմէ կը դարմանէի զինք, միւս կողմէ կը զրուցէինք.  շատ աւելի ես էի խօսողը, իսկ ինք երբեմն առիթ կը գտնէր կցկտուր բառեր արտասանելու, եբր յանկարծ ըսաւ.

Փուշման եղայ...

Իսկոյն սաստեցի՝ ընթացք տալով բնազդական մաքրամոլութեան մը.

−Պէտք չէ փուշման ըսես... թրքերէն է...

Խօսակիցս անակնկալի եկաւ, յօնքերը պռստեց, շեշտակի նայեցաւ ու ապա՝

−Ինչպէ՞ս թրքերէն կ’ըլլայ,− հակադարձեց անզօր,− ամբողջ կեանքս փուշման ըսած եմ ու փուշման լսած եմ, եւ ոչ մէկը նկատողութիւն ըրած է. իսկ հայերէնը ի՞նչ է:

Զղջալ է. զղջացի-զղջացիր-զղջաց...

−Զա՜րմանալի, ասանկ բա՞ռ ունի եղեր հայերէնը...

*   *   *  

Եթէ մանկութեանս, ուր ես ու շրջապատս ալ փուշման ըլլալ կ’ըսէինք,  ուրիշ մը ինծի ընէր նման  դիտողութիւն մը, ապա ինքս ալ զարմացած պիտի հակադարձէի, թէ հապա ի՛նչ է հայերէնը, քանի պուրճհամմուտցին ուրիշ բառ չէր ճանչնար:  

Մերը ամենահայախօս ընտանիքներէն  էր, որ այդ օրերուն կարելի ըլլար երեւակայել. չեմ յիշեր օր մ’օրանց  մէկ թրքերէն նախադասութիւն ուղղած ըլլալ մօրս, մեծ մօրս ու մանաւանդ հօրս: Այս նոյն կացութեան մէջ մօտաւորապէս  գտնուած են չորս եղբայր-քոյրերս ալ,   սակայն հակառակ ասոր՝ ունէինք թրքերէն բառամթերքի մեր կայուն օժիտը, որ բոլորովին բնական ձեւով կը կիրարկէինք՝ առանց իսկապէս ծանօթ ըլլալու   անոր ծագումին:

Բաւական  ուշ է, որ կամաց-կամաց սկսանք բոլորովին «հայանալ»  եւ մեր բարքերուն մէջ ի շարս այլոց մտաւ զղջալ-ը  եւս:

Իսկ փուշման ըլլալ-ը...

Իմ առաջին  թիրախներս այնուհետեւ եղան հէգ արեւելահայերը, երբ 1965-ին առաջին անգամ ոտք դրի Հայաստան, ուր  ազատօրէն եւ մեծով ու պզտիկով կը կիրարկէին  անոր քիչ մը նրբացած ձեւը՝ փոշմանել...

Մեծագոյն անակնկալը, սակայն, վերապահուած էր քիչ մը աւելի ուշ ժամանակներու, երբ «Արմատական»-ն ու «Նոր հայկազեան»-ը լոյս տեսան եւ սկսան  կամաց-կամաց թափանցել մեր կեանքին մէջ. ես առաջիններէն եղայ  երկուքական օրինակ գնողը. կը մտածէի՝ մէկը անդրանիկ մանչիս,  միւսն ալ՝ կրտսերին  համար, թէեւ աւելի ուշ հաշիւներս «խանգարուեցան», եւ այս անգամ պէտք եղաւ չորսական օրինակ գնել:

Եւ այստեղ ալ զարմանքով տեսայ...  ինչե՜՜՜ր ու ինչե՜՜՜ր  տեսայ:

Ուրեմն,  ըստ Աճառեանի՝  բառս ունի պարսկական ծագում:

Կը  նշանակէ՝ զղջում, ստրջանք, ապաշաւ, աշխարանք

Սկզբնապէս ան հայերէն մուտք գործած է մեր առաջին մատենագիրներուն հետ իսկ՝ փաշիման ձեւով. Աճառեան ասով կը թուէ տասնեակ մը մատենագրական  վկայութիւններ: Աւելի ուշ ան սկսած է արտասանուիլ փոշիման՝ հէնց  փոխատու լեզուին՝ պարսկերէնի մէջ, եւ այնուհետեւ մերոնք սկսած են կիրարկել այս վերջինը, որով նմանապէս մէջբերուած են բազմաթիւ օրինակներ, մինչ «Նոր հայկազեան»-ը  շատ աւելի ժուժկալ է օրինակներով:

Աւելի ուշ  բառս անցած է թրքերէնին փուշման արտասանութեամբ ու գրչութեամբ: Եւ պատահած է հետեւեալը.

--Արեւելահայը պահած է բառիս յարաբերաբար հարազատ ձեւը՝ փոշիման:

--Արեւմտահայը   ազդուելով թրքերէնէն որդեգրած է  փուշման:

Իսկ ի՞նչ է կացութիւնը  այսօր:

Թրքերէնը իր զանազան արտայայտութիւններով, այո, զգալիօրէն նահանջեց մեր լեզուական բարքերէն, սակայն զուգահեռաբար նահանջեց հայութիւնն ալ... Պուրճ Համմուտէն, ուր բոլորովին անհետացած չէ տակաւին թրքերէնը, եւ բացառուած չէ մերթ ընդ մերթ հանդիպելու թէ՛ փուշման-ին, թէ՛ ուրիշ շատ բառերու, որքան ալ  հետզհետէ  նուազին զանոնք արտասանողները: 

2. Սպանախ եւ... շոմին

Սպանախ-ը մէկն էր այն բառերէն, որ համատարած կը կիրարկուէր Պուրճ Համուտի մէջ՝ բնորոշելու համար այնքան տարածուած բանջարեղէնը, որ այդ նոյն անունը կը կրէր տեղացի խանութպաններու լեզուին մէջ եւս: Եւ ոչ ոք, բացարձակապէս ոչ ոք կ’անհանգստանար այդ անուանումով, մինչեւ որ... 

Հազիւ եօթ-ութ տարեկան մանուկ էի, երբ ընկերներու հետ կը խաղայի փողոցը, որ մեր բնական խաղավայրն էր, որովհետեւ տուներուն մէջ, որոնց գրեթէ բոլորն ալ օժտուած էին միայն  մէ՛կ սենեակով,− որ պարտէր պատսպարել միջին հաշուով 7-8 անդամ,−   պարզապէս տեղ չունէինք խաղալու:

Այդ պահուն էր, որ մեզմէ մէկը արտասանեց  մեզի համար այնքան բնական ու առօրեայ սպանախ բառը: 

Ասոր վրայ՝ երիտասարդ մը, որ  կ’անցնէր մեր քովէն, փութաջան մօտեցաւ, ցուցամատը ուղղած մեզի, եւ խստիւ, դուք հասկցէք՝ սպառնալից,  ազդարարեց.

−Սպանախ-ը թրքերէն է, պէտք է ըսել հայերէն՝ շոմի՛ն:

Շոմին... ահա քեզի բառ մը, որ առաջին անգամ կը լսէի(նք)  ու անկէ ետք շուքիս պէս հետեւեցաւ ինծի ու կը շարունակէ հետեւիլ՝ ականջիս օղ դարձած: Իսկ Աճառեան կը հաստատէ, որ սպանախ ու շոմին հաւասարապէս... պարսկերէն են:

armenag@gmail.com                                                                      Արմենակ Եղիայեան