image
Հրատապ լուրեր:

Տասը Կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւն` Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ

Տասը Կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւն` Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ

Աւագ երեքշաբթի, 27 մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը` Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին:

Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր «յիմար» գրութիւնը, մարեցին զանոնք` խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը: Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման` Տիրոջ գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշեն, իսկ մնացեալները` անտարբերները:

Արարողութեան աւարտին, տասը կոյսերը, մայր տաճարի լուսարարապետ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանի առաջնորդութեամբ, բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: