image

Տ․ Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանի վախճանը մեծ կորուստ է հայ եկեղեցու համար

Տ․ Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանի վախճանը մեծ կորուստ է հայ եկեղեցու համար

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը օրերս սրտի խոր կսկիծով գուժեց մահը Սուրբ Աթոռի միաբաններէն՝ Գերաշնորհ Տ. Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանի։ Ան վախճանած է  Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր, 2025-ին, Պուէնոս Այրէսի Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին մէջ, 73 տարեկան հասակին:

 

Լուսահոգի Սրբազանը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն էր, ով 30 եւ աւելի տարիներ եղած է Արժանթինի եւ Չիլիի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ ծառայելով Աառաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցիին եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին:

Տ․ Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանի վախճանը մեծ կորուստ է Արժանթինահայոց եւ մանաւանդ Առաքելական մեր Սուրբ Աթոռի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր հաւատաւոր զաւակներու համար։

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ ողջ Միաբանութիւնը կը սգան Սրբազան Հօր մահը եւ կ’աղօթեն անոր բարի հոգւոյ լուսաւորութեան եւ երկինքի արքայութեան արժանանալու համար։

«Յիշեսցէ Տէր զհոգի ծառային Իւրոյ եւ հանգուսցէ զնա ի լոյս երեսաց Աստուածութեան Իւրոյ․ ամէն»։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 

Տ. ԳԻՍԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ

Աւազանի անունով՝ Մանուկ, ծնած է 6 Նոյեմբեր, 1951-ին Հալէպ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի (Սիւրիա) Ազգային վարժարանին մէջ, ապա 1963-ին ընդունուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարան եւ Ընծայարան:

1963-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, 1971-ին կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Տ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի:

1975-ին մեկնած է Արժանթին՝ Պուէնոս Այրէս, իբրեւ հոգեւոր հովիւ, միեւնոյն ատեն վարած է ուսուցչական պաշտօններ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «Արսլանեան» կրթական հաստատութենէն ներս, որու փոխ-տեսուչը եղած է աւելի քան տասը տարի: Այնուհետեւ Վիսենթէ Լոպէսի Ազգային եւ Դերձակեան երկրորդական վարժարաններու մէջ դասաւանդած է հայոց լեզու, հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ կրօնա-եկեղեցական նիւթեր:

1975-ին ձեռամբ Տ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի ստացած է վարդապետական չորս աստիճաններ:

1982-1987 թուականերուն ուսանած եւ աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Քենէտիի անուան համալսարանի հասարակական կապերու եւ լրագրութեան բաժինը: Որոշ շրջան վարած է Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը, իսկ 1990-ի Յունիսին ընտրուած է առաջնորդական տեղապահ:

1990-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի՝ ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան:

1990-ի Հոկտեմբեր 7-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռնադրուած եւ օծուած է Եպիսկոպոս եւ նշանակուած է Արժանթինի եւ Չիլիի Հայոց թեմի առաջնորդ: 

1996-ի Սեպտեմբերին երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով արժանացած է Արքութեան պատուին:

1998-2002 թուականներուն եղած է Արժանթինի քրիստոնէական եկեղեցիներու յանձնախումբի նախագահ: 2004-ի Դեկտեմբերին վերընտրուած է նոյն պաշտօնին:

2022-ին Դեկտեմբեր 1-ին, 32 տարի Արժանթինի եւ Չիլիի Հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը վարելէ ետք կոչուած է վաստակեալ հանգստի:

Հանգուցեալ Գիսակ Սրբազան ունի նաեւ բազմաթիւ թատերական աշխատանքներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը «Բանտարկեալը» ներկայացումն է, որ 1998-ին ներկայացուած է Հայ կեդրոնի սրահին մէջ եւ Պուէնոս Այրէսի Էլ Կլոպօ թատրոնին մէջ:

Իսպաներէնի թարգմանած է Վաչէ Ծայրագոյն Վարդապետ Իգնատիոսեանի «Աստուածամայրը», Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Ծիսական բառարանը» եւ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Թորոս Ջուղայեցիի Սուրբ Պատարագի մեկնութիւնները՝ «Մեր Պատարագը» ընդհանուր խորագրի ներքոյ:

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն