image

Տ. Գարեգին Սրբազան Պէքճեան այցելած է Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատուն

Տ. Գարեգին Սրբազան Պէքճեան այցելած է  Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատուն

Գերմանիոյ թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան այսօր այցելութիւն տուած է Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմանոց: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Սրբազան հայրը, որ հինգշաբթի ուշ գիշեր Պոլիս ժամանած էր առաջին առիթով գերեզմանոց այցելած եւ հոգեհանգստեան կարգ կատարած է Պոլսոյ  երանաւէտ Պատրիարքներու հոգիին համար: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ Տ. Գարեգին Սրբազան Պոլիս իր կեցութեան ընթացքին պիտի մնայ քաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ եւ այդ առումով ան նոյնպէս տեղեկութիւն փոխանցած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Տ. Արամ Սրբազանին: 

 

Յիշեցնենք, որ անցնող 24 փետրուարին Մայր Աթոռէն  ներս տեղի ունեցած փակ հանդիպումներուն արդիւնքով որոշուած էր, մինչեւ 15 մարտպատրիարքութեան տեղապահի ընտրութիւն կայացնել:


Տեղապահի ընտրութիւնը ըստ մեր եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, կը կատարուի Պատրիարքութեան կրօնական ժողովին կողմէ եւ այն տեղի կ'ունենայ փակ  քուէարկութեամբ: