image

Սուրիոյ մէջ յատուկ կարգադրութիւն. Զինուորական բոլոր քարտերը հաւաքուած են

Սուրիոյ մէջ յատուկ կարգադրութիւն. Զինուորական բոլոր քարտերը հաւաքուած են

Սուրիոյ բանակի գլխաւոր հրամանատարութեան տնօրինմամբ, երէկ, բանակային յատուկ միաւորումներ արշաւի մը ձեռնարկած են, որուն հիմամբ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, Զինուորական գրանցման կառավարման մարմիններէն դուրս գործող մարմիններէն տրամադրուած բոլոր զինուորական քարտերը վերցուած են իրենց տէրերէն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշտլով, որ պատերազմի թէժ օրերուն նման զինուորական ապահովական քարտեր տրամադրուած էին բանակի յարակից օժանդակ ջոկատներու մաս կազմող քաղաքացիներուն:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս կարգադրութիւնը կը կատարուի այն պահուն, երբ Սուրիյո մէջ զինուորական գործողութիւնները գրեթէ կը համարուին աւարտած:


Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կարգադրութիւնը կը կատարուի օրինականութիւնը պահպանելու եւ ընդհանուր քատրային քաղաքականութիւնը ճշդելու, ինչպէս նաեւ առկայ սխալները սրբագրելու համար: