Սուրիոյ պաշտօնական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ կառավարութիւնն ու Տարհայի մէջ պայքար մղող զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումները համաձայնութեան եկած են:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, նախնական տուեալներով, համաձայնութիւնը կը վերաբերի զինեալ խմբաւորումներու կողմէ միջին եւ ծանր զէնքի յանձնման:
Համաձայնութեան ծիրին մէջ, երկրէն դուրս գալ ցանկացող ահաբեկիչներուն առիթ պիտի տրուի հեռանալու, մինչդեւ մնալ ցանկացողներու վիճակը պիտի վերանայուի կառավարութեան կողմէ: