Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ բնակելի թաղամասի վրայ իսրայէլեան հրթիռային յարձակման հետեւանքով զոհուած է Իրանի ռազմական խորհրդական:
Այս մասին յայտնած է իրանեան Mehr գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանութեան X-ի էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան:
«Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմական խորհրդական Սաիտ Ալիտատին զոհուած է իսրայէլեան ռեժիմի կողմէ Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներու ժամանակ»,-հաղորդած է գործակալութիւնը:
Ըստ գործակալութեան աղբիւրներու՝ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողած են խոցել իսրայէլեան քանի մը հրթիռ: