image

Սուրիոյ Ալաուիներուն դէմ եղած ջարդերն ու միջազգային արձագանգը

Սուրիոյ Ալաուիներուն դէմ եղած ջարդերն ու միջազգային արձագանգը

Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան նկատմամբ մեծցած է միջազգային քննադատութիւնը՝ վերջին քանի մը օրերուն կառավարական անվտանգութեան ուժերու եւ յարակից զինեալ խումբերու կողմէ հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներու սպանութեան պատճառով։

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղակայուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտորդական կեդրոնի տուեալներով՝ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին սպանուած է առնուազն 1,000 ալաուի։ Պաշտօնանկ եղած նախագահ Պաշշար Ասատը ալաուի էր, եւ ցեղադաւանական այս համայնքը կը համարուէր անոր հիմնական յենարանը։

Միացեալ Նահանգները դատապարտած է արմատական ​​իսլամիսթ ահաբեկիչները, այդ շարքին՝ օտարերկրեայ ջիհատականները: Միացեալ Նահանգներ Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Սուրիոյ ժամանակաւոր իշխանութիւնները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկեն Սուրիոյ փոքրամասնական համայնքներու դէմ այս ջարդերու հեղինակները»:

Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Տեւիտ Լամմին եւս դատապարտած է Սուրիոյ մէջ զանգուածային սպանութիւնները: «Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ շարունակուող բռնութիւններու հետեւանքով մեծ թուով խաղաղ բնակիչներ սպանուած են։ Սարսափելի է: Դամասկոսի իշխանութիւնները պէտք է պաշտպանեն բոլոր սուրիացիները եւ անցումային արդարադատութեան յստակ ճանապարհ դնեն»,- X-ի էջին գրած է նախարարը:

Ֆրանսան կոչ ըրած է անկախ հետաքննութիւն կայացնելու Սուրիոյ մէջ վերջին սպանութիւններու վերաբերեալ: «Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք է երաշխաւորէ Սուրիոյ էթնիք եւ կրօնական բազմակարծութեան պահպանումը»,-ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Եւրոմիութեան յայտարարութիւնը, մինչդեռ, կը դատապարտէ «ասատամէտ տարրերու» յարձակումները ժամանակաւոր կառավարութեան ուժերու վրայ։ «Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՚ընէ բոլոր արտաքին դերակատարներուն լիարժէք յարգելու Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը, միասնութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»,-ըսուած է Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ։

Մարտ 6-ին Սուրիոյ արեւմուտքին՝ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի նահանգներուն մէջ սկսած զինուած բախումներու հետեաւնքով աւելի քան 1,000 մարդ սպանուած է, հիմնական՝ ալաուիներ։