image

«Սուրիական տրամայի տիկինը» Կամ Մունա Ուասէֆ

«Սուրիական տրամայի տիկինը» Կամ Մունա Ուասէֆ

Օրերս արաբական «Մատա փոսթ» կայքը ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է սուրիացի եւ արաբական աշխարհի մէջ հանրաճանաչ դերաասանուհի Մունա Ուասէֆի մասին: 

«Արեւելք» յօդուածը կը ներկայացնէ թարգմանաբար:

Մունա Ուասէֆ իր արուեստի ասպարէզը հարստացուցած է արժէքաւոր գործերով, ան խաղացած է այնպիսի դերեր, որոնք մինչեւ օրս կը մնան դիտողներու յիշողութեան մէջ: Կոչուած է «Սուրիական տրամայի տիկինը», իր 60 տարուայ աշխատանքին մէջ յաճախ արժանացացած է մրցանակներու, իսկ ժողովուրդը զինք կը ճանչնայ որպէս արաբ աշխարհի աստղը: Ան կը ներկայացնէ զօրաւոր ու անկախ կնոջ տիպարը, որ մանկութենէն պայքարած է հասնելու ուզած դիրքին ու յաջողած: 

Մունա Ուասէֆ ծնած է 1 Փետրուար, 1942-ին Դամասկոս: Մայրը եղած է քրիստոնեայ, իսկ հայրը իսլամ: Իր երկու քոյրերը՝ Ղատա եւ Հայֆա նաեւ դերասանուհիներ են: Ան ազդուած է իր մօր նշանաւոր խօսքէն՝ «Այն կինը, որ չ'աշխատիր եւ անուս է, կ'ոտնահարուի», եւ փոքր տարիքէն ուսման հետ զուգահեռ սկսած է աշխատիլ վաճառելով «Ղազըլ Ալպանաթ» քաղցրաղէնը, նաեւ աշխատած է, որպէս   բնորդ  կանանց նորաձեւութեան սուրիական խանութի մը մէջ:

18 տարեկանին Ուասէֆ  մուտք գործած է դերասանական ասպարէզ, ելոյթ ունենալով Զինուած Ուժերու թատրոնի բեմին վրայ եւ իր առաջին ներկայացումը կրած է «Կանաչ Բուրմունքը» վերնագիրը: Այն ատեն Սուրիոյ մէջ դեռ նոր կը հիմնուէր թատրոնը: Ան կը նկատուի սուրիական տրամայի հիմնադիրներէն: 

Իսկ հեռատեսիլի առաջին գործը եղած է 1961-ի «Ստուերի ծնունդը» տեսաշարը, ան ուշադրութիւն գրաւած է 1964-ի «Սեւ ու Ճերմակ» տեսաշարով ու 1966-ի «Թարթուֆ» թատրոնով: 1968-ին անդամակցած է Սուրիոյ արուեստագէտներու արհմիութեան:

Սակայն Մունա Ուասէֆի յաջողութիւնը արձանագրող դերը  թագուհի Ժալիլայի կերպարն էր «Ալզիր Սալէմ» տեսաշարին մէջ,  «Պատգամը» շարժանկարը եղած է անկիւնադարձային, որովհետեւ Մունա Ուասէֆին տուած է արտասահմանեան ճանաչում:

Դերասանուհին ունի բազմաթիւ գործեր ինչպէս՝ «Գայլերու անտառը», «Անմահ արմատները», «ԻԶ Ալ Տին Ալ Քասսամ», «Լռութեան սահմանը», «Ապու Ալթայէպ Ալ Մութանապպի», «Ալ Խանսաա»: Ան ինքզինք գերազանցած է «Գոհարներ» տեսաշարին մէջ իր երկու բաժիններով, նաեւ արաբական աշխարհի «Թաղամասի դուռը» նշանաւոր տեսաշարին մէջ բերած իր մասնակցութեամբ: 

Նկատի առնելով Ուասէֆի կեանքն ու գործունէութիւնը 1991-ին նշանակուած է Գրողներու միութեան փոխ նախագահ, նաեւ արժանացած է ՄԱԿ-ի «Բարի նպատակներու դեսպանի» տիտղոսին 2002-ին: Ան ներգրաւուած է դատական կազմերու մէջ թատրոնի, հեռատեսիլի ու շարժանկարի զանազան փառատօններու մէջ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ուասէֆի ամուսնութեան, ան 1963-ին ամուսնացած է նշանաւոր բեմադրիչ Մուհամմէտ Շահինի հետ, որ կեանքէն հեռացած է 2004-ին: Ունի մէկ   որդի՝ Ամմար: Իր ամուսնոյն մահէն ետք ան բոլորովին մերժած է վերամուսնանալ ըսելով թէ «Հանգուցեալ ամուսինս կեանքի ընկերս էր, միասին ապրած ենք 42 տարի», ու շարունակած ըսելով թէ  իրենք  շատ սիրով էին,  ինչու ամուսնանալ...։

Ուասէֆ արժանացացած է բազմաթիւ մրցանակներու ու մետալներու ինչպէս Դամասկոսի 14-րդ շարժանկարներու փառատօնին եւ Եգիպտոսի մէջ Աղեքսանտրիոյ փառատօնին: Նաեւ Լիբանանի «Գեղեցիկ Պաալպէք» եւ Ալժերիոյ Ուահրան փառատօններուն: 2010-ին ստացած է ամէնէն լաւ դերասանուհիի մրցանակը, եւ 2018-ին պարգեւատրուած է Լիբանանի մէջ Մորէքս արուեստագէտներու փառատօնին առ ի գնահատանք իր ամբողջ կեանքի ասպարէզին համար: