image

Սուրիացի Մաան Ասհատ պրոնզեայ մետայլի տիրացաւ

Սուրիացի Մաան Ասհատ  պրոնզեայ մետայլի տիրացաւ

Սուրիացի  մարզիկ Մաան Ասհատ առաջին  Ողիմպիական մետայլը   շահեցաւ։

Այս մասին  գրած է «Սանա» լրատուականը նշելով, որ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ընթացող Ողիմպիական խաղերու ծանրամարտի 109 քկ. քաշային կարգին Մաան Ասաատ 424 քկ. ընդհանուր քաշով կրցաւ տիրանալ պրոնզէ մետալին: Արծաթէ մետալը բաժին ինկած էր իրանցի ծանրամարտիկ՝ Ալի Տաուուտի 441 քկ. ընդհ. քաշով, իսկ Ոսկեայ մետալը նուաճած է վրացի Լաշա Թալախտցի 488 ընդհ. քաշով:  

Մաան Ասհատ 10 տարուայ  իր մարզական ասպարէզի ընթացքին նուաճած է զանազան մետալներ: Ան Սուրիոյ ախոյեանն է տարբեր քաշային կարգերու: 14 տարեկանին գրաւած է առաջին  դիրքը  Ասիոյ պատանեկան ծանրամարտութեան ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցած է Ուզպեքիստանի մէջ 2009-ին, ինչպէս նաեւ 2013-ին Խրխըզիստանի մէջ:

Ան  2019-ին Զուիցերիոյ մէջ տիրացած է ոսկեայ մետալին միջազգային ախոյեանութեան մրցումներուն, իսկ 2019-ի Թայլանտի ախոյեանութեան գրաւած է 5-րդ տեղը: 

 

 Այսպիսով  Սուրիան  ստացած կ՚ըլլայ Ողիմպիական խաղերու իր առաջին  մետայլը։