image

Սուրբս անգին

Սուրբս անգին

Կը սիրեմ քեզ, ինչպէս դուն զիս,

իմ ապաւէն սուրբըս անգին,

Եւ օրէ օր կը պատուեմ քեզ,

իսկ դուն՝ շունչ մը մէկ, քու կարգին։

Դուն կը մնաս աներեւոյթ

թաքուն աշխա՜րհը աշխարհիս,

Հենց կը զմայլիմ, թէ դուն ինչպէ՜ս

իմ մարմնիս մէջ անձայն կ'ապրիս։

 

Հանելուկ է հանգոյցը մեր,

հոս՝ միարժէք, հոն՝ առանձին,

Օրեր կուգան, կը հեռանայ,

ու կը մոռնայ միտքս իր հոգին։

Չեմ մեղադրեր, սա է կեանքը,

հարկ է տոկալ մեծ մրրիկին,

Չվարանիս երբեք սակայն,

ան կը զինէ սէրըդ կրկին։

 

Լոյսը զէնքիդ՝ աղօթքըս է,

որուն ուժով կը սնանիս,

Ուր կը շողաս որպէս արեւ,

որ խաւարի չմատնըւիս։

Բայց երբ խիղճըս չ'անդրադառնայ՝

դուն կը մնաս կոյր պատանի,

Կամ թէ սիրտըս չ'անդորրանայ,

էութիւնըդ՝ չարին գերի...

 

Իսկ քեզ համար ի՞նչն է տարբեր,

եթէ հողըդ ես չըլլայի՝

Ուրիշ մը պիտի ըլլար,

քու առժամեայ տունը երկրի։

Գուցէ կեանքը անիմաստ է,

մարմնոյս համար իմ երկրածին,

Միթէ պէ՞տք է անջատումը,

թէկուզ ծնած ենք միասին։

 

ԿԱՅԼԱԿ

(Դեկտ. 20, 2012)

«Սէր Ու Կրակ» գիրքէն

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...