image

Սոնիա Պայրութիի մահը. Գեղեցիկ էջ մը փակուեցաւ Լիբանանի մամուլի տոմարէն

 Սոնիա Պայրութիի մահը. Գեղեցիկ էջ մը փակուեցաւ Լիբանանի մամուլի տոմարէն

 

 

 

 Պէյրութի մէջ յառաջացած տարիքին իր մահկանացուն կնքած է լիբանանեան մամուլի աստղերէն համարուող՝ Սոնիա Պայրութին։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Նահար» պարբերականէն։ 

 

 Երեք գիրքերու հեղինակ Պայրութի կը համարուի 70-ականներու լիբանանեան հեռատեսիլի աստղերէն մին։

 Ան հեղինակած է բազմաթիւ հաղորդումներ եւ որպէս հմուտ խօսնակ եւ հարցազրուցավար փայլած է իր ներկայութեամբ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Պայրութի  1934 թուականի ծնունդ էր եւ ան ծնած էր Պէյրութի քրիստոնէաբնակ «Էշրէֆիէ» շրջանին մէջ։

 

Լուսանկարին մէջ՝   Սոնիա  Պայրութի կը պարգեւատրուի   Լիբանանի հայկական «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի   կողմէ գլխաւորութեամբ   կայանի երբեմնի տնօրէն, նախկին նախարար՝ Աւետիս Կիտանեանի։