Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սփիւռքահայ թատրոնի երախտարժան գործիչներէն, բեմադրիչ՝Զօհրապ Եագուպեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ՝ ԱՄՆ-էն։
Աւելի վաղ նաեւ գրած էինք, որ յատկապէս լիբանանահայութեան համար սիրելի անուն հանդիսացող Եագուպեան սրտի կաթուած մը անցուցած է։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, 1980-ականներէն սկսեալ Եագուպեանի անունը մշտապէս ներկայութիւն եղած է լիբանանահայ բեմերուն վրայ։ Աւելի ուշ Եագուպեան անհատական ճիգերով կազմած է «Փորձառական թատրոն»ը իր շուրջ հաւաքելով խումբ մը տաղանդաւոր անուններ։ Աւելի ուշայդ թատրոնի «Մեղուներու խումբ»ը, ունեցած է փայլուն ելոյթներ ու դարձած լիբանանահայ թատրոնը սիրող հասարակութեան ամէնափնտռուած ելոյթները ներկայացնող թատերախումբ։

Եագուպեան աւելի քան 15 տարիէ ի վեր հեռացած է Պէյրութէն եւ հաստատուած էր ԱՄՆ-ի Լոս Անճըլըս նահանգը, ուր եւ պիտի յանձնուի հողին։
Խորին ցաւակցութիւններ Սփիւռքահայ թատրոնի մեծ ընտանիքին եւ անշուշտ անոր սիրելիներուն ու հարազատներուն։