image

Սիւնիքի ճանապարհի հարցով Երեւան եւ Պաքու գրեթէ համաձայնած են. «Իզվեստիա»

Սիւնիքի  ճանապարհի հարցով Երեւան եւ Պաքու  գրեթէ  համաձայնած են. «Իզվեստիա»

Պիտի օգտագործուին հին խորհրդային ճանապարհները, որոնք մինչ 1992 թուականը Նախիջեւանը հայկական տարածքով կը կապէին Ատրպէյճանի Զանգելանի շրջանի հետ: Անոնք պահպանուած են ապագայ միջանցքի գրեթէ ամբողջ գիծով, մնացած է միայն Նախիջեւանի շրջանի եւ Հայաստանի սահմանին մէկ հատուած:

 

Ռուսիան Հայաստանին  եւ Ատրպէյճանին օգնած է համաձայնութեան հասնելու, օգնած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին համաձայնութեան գալու Զանգեզուրի միջանցքին մէջ ճանապարհի շուրջ,  կը մնայ համաձայնեցնել 6 քմ-անոց փոքր ճանապարհահատուածը: Այս մասին «Известия»-ին յայտնած է իրավիճակին ծանօթ բարձրաստիճան աղբիւրը:

Անոր խօսքով` ռուսական  «Автодор»-ը պիտի օգնէ աւարտին հասցնելու երթուղիի համակարգումը, ուշացումը պայմանաւորուած է լեռնային տեղանքով: Երթուղիի մնացած 40 քմ-ը պիտի օգտագործուի հին խորհրդային ճանապարհներով: Աղբիւրը կը նշէ. «Երեւանը արագացուցած է նախագծին հաստատումը այն բանէն յետոյ, երբ Պաքուն մտադրած է երթուղի կառուցել ոչ թէ Հայաստանով, այլ՝ Իրանով»:

Ապաշրջափակում կը նշանակէ Սիւնիքի մարզին մէջ Հայաստանի եւ Իրանի հարաւային սահմանի երկայնքով ճանապարհային միջանցքի կառուցում: Այն Ատրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար մարզին հետ: Յունիս 24-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը նշած է, որ Պաքուն եւ Երեւանը ամենաշատ յառաջընթաց գրանցած են կապի ապաշրջափակման հարցով:

Աղբիւրներէն մէկը նշած է. «Ատրպէյճանն ու Հայաստանը վաղուց պայմանաւորուած են դէպի Նախիջեւան երկաթուղային միջանցքի շուրջ անցեալ տարուայ աշնան:  Բայց Յունիս 3-ին կայացած փոխվարչապետներու վերջին հանդիպման ընթացքին անոնք կրցած են պայմանաւորուիլ ապագայ երթուղիին շուրջ, բացառութեամբ բացակայող 6 քմ հատուածի:

Մնացեալ հատուածին մէջ, ըստ զրուցակիցին, պիտի օգտագործուին հին խորհրդային ճանապարհները, որոնք մինչ 1992 թուականը Նախիջեւանը հայկական տարածքով կը կապէին Ատրպէյճանի Զանգելանի շրջանի հետ: Անոնք պահպանուած են ապագայ միջանցքի գրեթէ ամբողջ գիծով, մնացած է միայն Նախիջեւանի շրջանի եւ Հայաստանի սահմանին մէկ հատուած, պարզաբանած է աղբիւրը:

Թերթին զրուցակիցը պարզաբանած է, որ հայկական կողմը արագացուցած է բանակցային գործընթացը այն բանէն յետոյ, երբ Պաքուն այս տարուայ Մարտին Թեհրանի հետ յուշագիր ստորագրած է` Ատրպէյճանի Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանէն դէպի Նախիջեւան Իրանի տարածքով ճանապարհ կառուցելու մտադրութեան մասին: Չչնայած այն հանգամանքին, որ այս տարբերակը իսկապէս աւելի թանկ պիտի արժէր, քան Հայաստանի տարածքով մայրուղիի կապը, Իլհամ Ալիեւը պատրաստ էր անոր, եթէ Նիկոլ Փաշինեանը շարունակէր ձգձգել գործընթացը», յաւելած է աղբիւրը:

Պետտումայի ԱՊՀ գործերով, հայրենակիցներու հետ կապերու եւ եւրասիական համարկման հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքովը թերթի հետ զրոյցին ըսած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ճանապարհային հանգոյցներու ապաշրջափակման մասին համաձայնագրերը երկար սպասուած էին: «Այդ երկկողմ օրակարգի ամենախնդրահարոյց հարցերէն մէկն էր: Ռուսական եւ եւրոպական միջնորդութեան շնորհիւ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը  կրնան ճիշդ ուղղութեամբ երթալ 2020 թուականի Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագրի հետագայ իրականացման հարցով», ըսած է Քալաշնիքովը: