Գեղարքունիքի որոշ սահմանային հատուածներուն մէջ թշնամին փորձած է թիկունքային որոշ աշխատանքներ կատարել, որոնք կանխուած են հայկական սահմանապահ ուժերուն կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՀՀ ՊՆ-ի կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ մը։
Կը նշուի նաեւ, որ սահմանային այդ հատուածներուն վրայ տիրող իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ, նշուելով, որ սահմանային այդ հատուածի ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող բոլոր ճանապարհները կը գտնուին հայկական ստորաբաժանումներու ենթակայութեան տակ։
Նշենք, որ Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը այսօր եւս քննարկման առարկայ պիտի դառնայ Գորիսի մէջ կայացուելիք ապահովական ժողովին, որուն պիտի մասնակիցին հայկական կողմի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի ռուսաստանեան խաղաղապահ ուժերու գլխաւոր զօրահրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատով։