image

Սիրոյ եւ ծառայութեան Պատրիարք. Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Կաթողոկոս-Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց

Սիրոյ եւ ծառայութեան Պատրիարք. Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Կաթողոկոս-Պատրիարք  Կաթողիկէ Հայոց

Մէկ տարի առաջ 23 սեպտեմբեր 2021-ին, մեր էջերէն հաղորդեցինք Տանն Կիլիկիոյ նոր ու քսանմէկերորդ Կաթողիկոս Պատրիարքի ընտրութիւնը յանձինս Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին։

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 22 եւ 23 սեպտեմբերին Հռոմի մէջ գումարուած Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը ընտրեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը յանձինս Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին, տիտղոսաւոր Կապադովկիան Կեսարիոյ Հայոց և Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի և Արևելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց: Նորընտրեալ Պատրիարքը առաւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան անունը»։

Այդ ընտրութենէն մէկ տարի անց` Տիար Շարպըլ Պասթուրի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի տեղեկատուական յանձնախումբի անդամ, մեզի ուղարկեց հետեւեալ գրութիւնը որ սիրով կը հրատարակենք.

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռին բարձրանալու առաջին տարեդարձին առիթով, կարելի է միայն վստահեցնել, որ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէներու Կաթողիկոս Պատրիարք` Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանը, չնայած Լիբանանն ու տարածաշրջանը շրջապատող ճգնաժամերուն, կարողացաւ պատրիարքարանին, թեմերուն և ծուխերուն շնորհել անզուգական ծառայութիւն, առատաձեռնութիւն և մեծ հայրական ջերմութիւն։

Այո՛, կարելի է չդադարիլ խօսիլ այն յատկանիշներու մասին, զոր փորագրած է և դրոշմած է Վեհափառ Հայրապետը, որուն մէջ ամփոփուած է քրիստոնէական խիղճով բնակեցուած մարդու կենսագրութիւնը և անոնցմէ կը ժայթքի հաւատքի ու խոնարհութեան, հայրերու ու պապերու ժառանգութեանը հաւատարիմ մնալու բոյրը:

Պատրիարքական աթոռին իր բարձրանալէն տարի մը ետք, ան` հակառակ ցաւի մռայլութեան, որուն մէջ կը խարխափի Լիբանանն ու տարածաշրջանը, հաւատքի ուժով ամփոփեց ինքնուսոյց ու տքնաջան աշխատանքի կշիռը։

Աստուծմէ կը խնդրենք, որ պահապան կանգնի Անոր` որպէսզի անվտանգ ու ապահով խարիսխով Եկեղեցին առաջնորդէ դէպի փրկութեան նաւահանգիստ:

 

Նիւթը ՝«Ռատիօ Վատիկան»էն