Առողջապահութեան նախկին փոխնախարար Յովհաննէս Յարութիւնեանը նշանակուած է Շիրակի մարզպետ: Որոշումն ընդունուած է կառավարութեան նիստին:
Ան տեղեկացուցած է, որ կրթութիւն ստացած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ: Այնտեղ աշխատած է որպէս բժիշկ-վիրաբոյժ: Հայաստան վերադառնալով՝ ան աշխատած է որպէս բժշկական կեդրոնի վարիչ, յետոյ՝ առողջապահութեան նախարարի խորհրդական, ապա՝ նախարարի տեղակալ: