Յատուկ քննչական ծառայութիւնը թոյլ չէ տուած, որ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութեան Սէյնթ Փիթըրսպըրկ քաղաք՝ մասնակցելու ՀԱՊԿ միջխորհրդարանական վեհաժողովի պաշտպանութեան հարցերով նիստին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Հայաստան» դաշինքը:
«Յատուկ քննչական ծառայութիւնը թոյլ չի տուել «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանին մեկնել Ռուսաստանի Դաշնութեան Սէյնթ Փիթըրսպըրկ քաղաք՝ մասնակցելու ՀԱՊԿ միջխորհրդարանական վեհաժողովի պաշտպանութեան հարցերով նիստին:
Յատկանշական է, որ Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ խափանման միջոց է կիրառուել վաղեմութեան ժամկէտը անցած քրէական հետապնդման շրջանակներում, ինչն արդէն ծաղր է իրաւունքի նկատմամբ:
Երկրի համար այս ծանր պայմաններում մեծ կապեր եւ արտաքին գործընկերների հետ շփման փորձ ունեցող ընդդիմադիր պատգամաւորների՝ Սէյրան Օհանեանի եւ Արմէն Գէորգեանի անձեռնմխելիութեան իրաւունքի հերթական խախտման փաստը, երբ նրանց պարզապէս արգելւում է միջազգային կազմակերպութիւններում ներկայացնել Հայաստանը, եւս մէկ անգամ վկայում է ժողովրդավարութեան քայքայումը մեր երկրում։
Պարզ չէ՝ ՀԱՊԿ-ի հետ աշխատանքների կարեւորութեան եւ այս իշխանութիւնների՝ որեւէ արդիւնք չստեղծող եւ միայն խնդիրներ առաջացնող արտաքին քաղաքականութեան պայմաններում ՅՔԾ նման քննիչները ում կամ որ երկրի շահն են սպասարկում», ըսուած է յայտարարութեամբ: