Սեպուհ Մխճեան թեկնածու է յառաջիկայ տարի՝ 2018-ին Լիբանանի մէջ կայացուելիք խորհրդարանական ընտրութեանց: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Lebanon18.com կայքը, նշելով նաեւ, որ Մխճեանի թեկնածութիւնը պիտի ըլլայ մայրաքաղաք Պէյրութի առաջին ընտրատարածքէն ներս:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Մխճեանի անունը պիտի ըլլայ Լիբանանի պետական ծրագրաւորման նախարար Միշէլ Ֆարաոնի ընտրական ցուցակին մէջ, եւ նախարարը հետամուտ է, որ Մխճեան ընտրութիւններուն մասնակցի, ինչ ալ ըլլան ընտրական պայմանները կամ այդ առումով կազմուելիք դաշինքները:
Յիշեցնենք, որ լիբանանահայ լայն շրջանակներուն մօտ ծանօթ անուն հանդիսացող Սեպուհ Մխճեան ղեկավարն է նախարար Ֆարաոնի քաղաքական գրասենեակին:
Բացի լիբանանահայութեան յանուն ծաւալած իր գործունէութիւնէն, Մխճեան նաեւ կարեւոր դեր կը կատարէ Լիբանան- Հայաստան կապերու յաւելեալ ամրապնդման խիստ անհրաժեշտ գործին մէջ: