image

Սէլինա Տողան. «Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս պիտի լուծուի»

Սէլինա Տողան. «Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս պիտի լուծուի»

Անգարա: Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած բանավէճի ընթացքին թէժ  քննարկումներ եղած  են հայոց ցեղասպանութեան թեմայի   վերաբերեալ:  «Արեւելք»  աղբիւրին համաձայն, ՀԺԿ-ի  (CHP)     հայազգի  պատգամաւոր  Սէլինա Տողան ըսած է, որ  «հարցը միայն հայերուն կամ թուրքերուն չի վերաբերիր, այլ կը պատկանի ամբողջ Թուրքիոյ ,   եւ այդ   պատճառով   հարցը այլ երկիրներու խորհրդարաններու փոխարէն պէտք է լուծել ուղղակի  Թուրքիոյ Մէճլիսին  մէջ»:  Տողանը 1915թ.-ի դէպքերու անուանումէն աւելի կարեւոր համարած է վերաբերմունքը՝ հարցին  հանդէպ. «Հարցը պէտք է ազատել ազգի մը դէմ վիրաւորանքի մակարդակէն: Եթէ հարցը կարենանք աւելի մարդկային առումով քննարկել, ապա, ինչպէս կ'ըսէ մեր խմբակցութեան փոխնախագահը, այդ ժամանակ   կրնանք ապագային նայիլ աւելի  անվտանգ կերպով: Հակառակ պարագային 24 ապրիլներու  եզրէն  դարձեալ   պիտի անցնինք: Իմ կարծիքով մեզմէ ոչ մէկը այդ չուզէր»,-ըսած է ան, նշելով նաեւ, որ 2015-ին  Թուրքիոյ վարչապետը Էրզրումի մէջ ելոյթ ունենալու ժամանակ ըսած է, որ տեղահանումը մարդկութեան դէմ յանցանք է:

Պարտադիր զինուորական ծառայութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն նախատեսող օրինագծի քննարկումներու ընթացքին ԺԴԿ-ի  (HDP)  Պոլսոյ պատգամաւոր Կարօ Փայլան քննադատած է անձնագրերու մէջ (ID card) դաւանանքային ինքնութեան նշումը եւ ազգային պատկանելիութեան քոտի կիրառումը: Փայլան  յիշեցուցած է, որ իր հանդէպ բազմաթիւ անգամ խտրականութիւն կիրառուած է  նշուած հանգամանքներու պատճառով: Անոր ելոյթին   ընթացքին օգտագործած «ցեղասպանութիւն»  բառը պատճառ դարձած է վիճաբանութեան:

«Հարիւր տարի առաջ պետական որոշմամբ հայ ժողովուրդի արմատները կտրուած են իրենց պապենական հողերէն եւ՝ բնաջնջուած: Ցեղասպանութեան ընթացքին իմ ընտանիքն ալ տուժած է: Իմ մեծ հայրը, իր հօր եւ մօր կողմէ որբ էր: Իմ ցեղը ջարդուած է»:

Շարք մը պատգամաւորներ փորձած են միջամտել Փայլանին, իսկ «Ազգային Շարժում» Կուսակցութեան Մերսին քաղաքի պատգամաւոր Պակի Շիմշեկը, վերցնելով խօսափողը, ըսած է. «Կը գտնուինք Թուրքիոյ ազգային խորհրդարանին մէջ, ոչ մէկը չի կրնար ըսել, թէ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, ես նման անշնորհքութիւն չեմ տեսած»: