image

Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդրին նուիրուած համաժողով

Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդրին նուիրուած համաժողով

Եւրոխորհրդարանի՝ Հայաստանի հարցերով զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւի նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներու եւ Պելժիոյ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանի մասնակցութեամբ, Եւրախորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդրին նուիրուած համաժողով։

Այն կազմակերպուած է քննարկելու Եւրոխորհրդարանի կողմէ հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ համապատասխան բանաձեւի ընդունումէն 3 տարի անց ստեղծուած իրավիճակը:

Հիմնական բանախօսները եղած են միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը, «Արեւելեան Եւրոպա-Հարաւային Կովկաս. միջազգային համագործակցութիւն մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ» ծրագրի տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլին, «Իրաւական ուղի» Հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Սիրանուշ Սահակեանը, Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի գաղթի բաժնի ղեկավար Արիֆ Եունուսը եւ Libertas 2020 նախագիծի ներկայացուցիչ, Covcas իրաւունքի եւ կարգաւորման կեդրոնի նախագահ Հիլտա Չոբոյեանը:

«Պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ բոլոր դատական ​​գործերը կը հակասեն ոչ միայն միջազգային իրաւունքին, այլեւ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան։ Ալիեւի համար կարեւոր է ցոյց տալ, որ ոչ միայն գրաւած է Լեռնային Ղարաբաղը, այլեւ կը պատժէ բոլորը»,- ընդգծած է Արիֆ Եունուսը:

Սիմոն Փափուաշվիլին, հիմնուելով իրենց հասանելի փաստերու վրայ, նշած է, որ հայ ռազմագերիները կ՚ենթարկուին աննախադէպ դաժան խոշտանգումներու եւ զրկուած են փաստաբան ընտրելու հնարաւորութենէն։

«Պաքուի ռեժիմի կողմէ պահուող անձինք բանտարկեալներ չեն, անոնք գերիներ են։ Ատրպէյճանը կը խախտէ հրադադարի վերաբերեալ իր ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւնը, որուն մէջ յստակ նշուած է, որ բոլոր ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին փոխադարձ հիմունքներով»,-ըսած է դեսպան Բալայեանը:

Անտրէյ Քովաչեւն ալ ընդգծած է, որ ռազմագերիները եւ կալանաւորները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին՝ առանց որեւէ նախապայմանի։