image

Եւրոպական խորհրդարանէն ներս ներկայացուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը

Եւրոպական խորհրդարանէն ներս ներկայացուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը

Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, Մարտ 19-ին, տեղի ունեցած է պատգամաւոր Թոմաշ Փորեպայի նախաձեռնութեամբ «The future of Via Carpathia - Caucasian Road Corridor» խորագրով համաժողովը:

Պելժիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաղորդմամբ՝ համաժողովին որպէս բանախօս մասնակցած է Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնած է միջոցառման հրաւիրելու համար եւ մանրամասն ներկայացուցած ՀՀ կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, հայկական կողմի տեսլականը տարածաշրջանը խաղաղութեան եւ համագործակցութեան գօտի դարձնելու վերաբերեալ եւ այս նախագիծը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ միջազգային գործընկերները ներգրաւելու ակնկալիքները։

Նշուած է, որ ցուցադրուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի մասին տեսանիւթ եւ մասնակիցներուն բաժնուած է ծրագրի մասին տեղեկատուական նիւթեր։

Սարգսեանն անդրադարձած է Կառավարութեան խաղաղութեան օրակարգին՝ այս ծիրէն ներս կարեւորելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի հնարաւոր տնտեսական առաւելութիւնները, ինչպէս նաեւ կարեւոր նպաստը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու գործին։