Անցած գիշեր արցախեան սահմանին իրադրութիւնը շարունակած է մնալ լարուած: Հրադադարի ռեժիմի զգալի խախտումներ արձանագրուած են յատկպէս գիշերուայ ընթացքին: Հակառակորդը կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ հրետանային զինատեսակներ, հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1100 կրակոց:
Հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ, բացի տարբեր տրամաչափի ականանետերէ եւ ‹‹D-44›› տիպի հրանօթէ, ազրպէյճանական զինուժը կրակ վարած է նաեւ ‹‹TR-107›› տիպի հրթիռահրետանային կայանքէ (5 արկ):
Յիշեցնենք նաեւ, որ նոյն ուղղութեամբ երէկ կիրառուած է ‹‹SPIKE›› տեսակի հակաթանկային կառավարուող հրթիռ:
Հրադադարի խախտման հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ կրած:
Հակառակորդի աշխուժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ ուժերը անհրաժեշտութեան պարագային դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ վստահօրէն իրականացուցած են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:
Այս պահի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագիծի վրայ հանգիստ է: