Վրաստանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Կէորկի Վոլսքին անհնար համարած է նախկին նախագահ Միխաիլ Սաակաշվիլին Ուքրանիոյ յանձնելը, ինչպէս որ կը պահանջեն ուքրանական իշխանութիւնները։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«Ինչպէ՞ս կրնայ մարդը ցանկութիւն ունենալ Ուքրանիոյ յանձնել այն մարդը (Սաակաշվիլին-Խմբ.), որ քու տարածքին մէջ յանցագործութիւն կատարած է: Ես հաստատ գիտեմ, որ Ուքրանիոյ մէջ ան կը համալրէ իր կուսակցութեան շարքերը, եւ ոչ ոք անոր պատասխանատւութեան չենթարկեր, ընդհակառակը, անոր շքանշան կու տան ուքրանական սահմանի ապօրինի խախտման համար»,- լրագրողներուն ըսած է Վոլսքին։
Առաջին փոխխօսնակը մեկնաբանած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատային մէջ իշխանական «Ժողովուրդի ծառայ» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Արախամիայի ըսածն այն մասին, որ Ուքրանիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար Վրաստանը պէտք է դադրեցնէ Ռուսիոյ հետ 2023 թուականին վերսկսած օդային հաղորդակցութիւնը եւ Սաակաշվիլին ազատ արձակէ բանտէն։