«Մեր ժողովուրդը այսօր ողբերգական վիճակ մը կ'ապրի Հալէպի մէջ» «Արեւելք»ին ըսաւ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան: Հալէպի հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը նաեւ նշեց, որ հալէպահայութեան մօտ յուսահատութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը կը տիրէ, եւ այդ մէկը կապուած է երկարատեւ եւ արիւնայեղ պատերազմին հետ տրուած ըլլալով, որ ջուրի, ելեքդրականութեան, սնունդի եւ վառելիքի տագնապները շատ ծանր ազդեցութիւն կը ձգեն մեր ժողովուրդին վրայ: Ըստ Կաթողիկէ համայնքապետին, ներկայիս Հալէպը յայտնուած է ծանր վիճակի մը մէջ եւ ժողովրդային լայն հատուածներուն մօտ յուսալքութեան նշաններ կան: Հալէպի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը նաեւ նշեց, որ ռուսական միջամտութիւնէն ի վեր Հալէպի մէջ ոչինչ փոխուած է եւ տնտեսական-ընկերային ծանր վիճակէն աւելի գլխաւոր մտահոգութիւնը Հալէպի վրայ արձակուող հրթիարձակումներու խնդիրն է: Պատասխանելով «Արեւելքի»ի այն հարցումին, թէ Հալէպի ղեկավարութիւնը ի՞նչ կ'ընէ ի տես օրըստօրէ համատարած դարձող Հալէպէն արտագաղթի ալիքին դիմաց, ան ըսաւ. «Գիտէք, երբ հարցը կը վերաբերի մարդու մահ ու կենաց խնդրին մենք ըսելիք չենք կրնար ունենալ: Չեմ ըսեր, որ Հալէպէն հեռացումը զանգուածային չափերու հասած է բայց եւ այնպէս ընդհանուր յուսալքութեան մթնոլորտին հետ քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք մտադիր են ընտանեօք դէպի հեռաւոր ափեր հեռանալ: Գերապայծառը նաեւ նշեց, որ Հայ կաթողիկէ համայնքը պիտի շարունակէ նիւթական եւ այլ տիպի օժանդակութիւններ տրամադրել ու նաեւ գործակցիլ շտապ օգնութեան սուրիահայութեան օժանդակութեան կեդրոնական մարմնին հետ` օգտակար դառնալով Հալէպի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Գերապայածառը «Արեւելք»ի ամպիոնէն խօսելով, իր շնորհակալութեան յատուկ խօսքը ուղղեց բոլոր այն միութիւններուն եւ մարմիններուն, որոնք կը շարունակեն օռանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ սուրիահայութեանը, այլապէս իրենց վիճակը շատ աւելի տագնապալի կրնար դառնալ: Գերապայծառ Միրիաթեան պատասխանելով «Արեւելք» այն հարցումին, թէ իրենք որպէս համայնքի պատասխանատուներ, Հայաստանի իշխանութիւններէն արդեօ՞ք պահանջած են , որ ռուսական ուժեր յատուկ վերաբերմունք եւ օգնութիւն ցոյց տան հալէպահայութեանը ըսաւ, թէ այդ խնդիրը չէ քննարկուած, յիշեցնելով , որ իրենց փափաքը ուղղուած է Հայաստան հասնող սուրիահայերուն յատուկ ուշադրութիւն արժանացնելուն է բան մը, որ արդէն իսկ հայրենի իշխանութիւնները կը կատարեն ամենայն բարեխղճութեամբ: