image

Ազգային առաջնորդարանէն յորդոր Հալէպի հայերուն. Այս փուլին զգօն ըլլալ

Ազգային առաջնորդարանէն  յորդոր  Հալէպի հայերուն. Այս փուլին զգօն ըլլալ

 Հալէպի (Բերիոյ) Ազգային առաջնորդարանը Սուրիոյ մէջ ապրող հայերը կը յորդորէ ըլլալ զուսպ եւ զգուշաւոր՝ տեղի ունեցող այս փոփոխութիւններու փուլին, եւ բնակարաններէն դուրս գալ միայն անհրաժեշտութեան պարագային։

Առաջնորդարանը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ Հայ համայնքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Սուրիական Հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման սատարող, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ջատագով՝ շեշտելով՝ յս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական  ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն։ 

«Խաղաղութիւն կը մաղթենք Սուրիական Հայրենիքին, իսկ Հալէպէն առժամաբար մեկնողներուն՝ ապահով ուղիներով բարի վերադարձ, որպէսզի միասին, ձեռք-ձեռքի նպաստենք երկրի բարգաւաճման»,- գրուած է կիչի աւարտին։