Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու լաւագոյն տարբերակը, երկխօսութեան վերսկսման պարագային, ուղիղն է՝ առանց միջնորդներու։
Այս մասին ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու երկրորդ վարչութեան տնօրէն Ալեքսէյ Փոլիշչուքը։
Ինչպէս ըսած է Փոլիշչուքը, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Մոսկուան պատրա՞ստ է, որ ապագային հնարաւոր բանակցութիւնները ուղղակիօրէն վարուին Քիեւի հետ, եթէ, ի հարկէ, երբեւէ վերսկսին շփումները երկիրներու միջեւ, ըսած է, որ բանակցութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, ուղիղ պիտի ըլլան։ Ան այդ բացատրած է անով, որ երբ միջնորդները կը մասնակցին բանակցութիւններուն, անոնք կը մեկնին իրենց շահերէն եւ կ'ազդեն բանակցային գործընթացի վրայ։
«Սա (ուղիղ բանակցութիւնները) լաւագոյն տարբերակն է, քանի որ, ինչպէս ցոյց կու տայ փորձը, արեւմտեան միջնորդները յաճախ կը հետապնդեն իրենց նպատակները եւ կը փորձեն ազդել բանակցութիւններու ընթացքի վրայ՝ գործելով ոչ թէ հակամարտութիւնը լուծելու, այլ իրենց սեփական քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն ելլելով»,- ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու երկրորդ վարչութեան տնօրէնը։