image

Ռուսիա չի պատրաստուիր Ասատը արտայանձնել. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Ռուսիա չի պատրաստուիր Ասատը արտայանձնել. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը, որուն ապաստան տրամադրած է, չի պատրաստուիր արտայանձնել որեւէ այլ երկրի, եթէ Միջազգային քրէական դատարանը անոր կալանաւորման հրաման արձակէ:

Այս մասին, kommersant.ru-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը:

«Նախագահ Ասատը Ռուսիոյ մէջ է: Նման իրավիճակի մէջ սխալ կ՚ըլլայ իմ կողմէ ենթադրութիւններ ընել, թէ ինչ տեղի ունեցած է եւ ինչպէս իրավիճակը հանգուցալուծուած է։ Բայց ան ապահով է: Սա ցոյց կու տայ, որ Ռուսիան կը գործէ այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի նման արտառոց իրավիճակներու մէջ»,-ըսած է Ռիապքովը:

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի տեղակալը նաեւ ըսած է, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը չի յանգեցներ երկրի մասնատման։ Անոր խօսքով՝ Սուրիան «պէտք է ըլլայ ինքնիշխան, միասնական եւ ամբողջական»։