Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Ինչպէս տեղեկացուցած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ աղբիւրի՝ ռուս խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու վրայ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադարեցման ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:
Նշուած է, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով մեքենաներու փոխադրութեան անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ։
«Պարեկութիւն իրականացուած է Շուշիի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ երեք երթուղիներով։
ՌԴ խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: