image

Հայաստանը կը քուէարկէ. առաջին հերթական ընտրութիւնը 2018-էն ետք

Հայաստանը կը քուէարկէ. առաջին հերթական ընտրութիւնը 2018-էն ետք

Հայաստանը յունիս 7-ին կ՚ընտրէ նոր խորհրդարան։ 2018-ի յեղափոխութենէն ետք սա առաջին հերթական ընտրութիւնն է։ 2018-ի դեկտեմբերին եւ 2021-ի յունիսին կայացած ընտրութիւններն արտահերթ էին։ Առաջինը տեղի ունեցաւ յեղափոխութենէն ետք եւ ապահովեց 70 տոկոս քուէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուժի համար, իսկ երկրորդը տեղի ունեցաւ 2021-ի յունիսին՝ 2020-ի պատերազմէն ետք, եւ ապահովեց Փաշինեանի յաղթանակը՝ 54 տոկոս քուէով։ 

Ըստ հարցումներու՝ կը սպասուի ընտրողներու բարձր մասնակցութիւն։  

2026-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կը մասնակցի 16 քաղաքական կուսակցութիւն եւ կուսակցութիւններու երկու դաշինք։ Տարբեր հարցումներու համաձայն՝ առաջատարը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն է, որուն կը յաջորդեն միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքը։

Խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւններէն կը պահանջուի հաւաքել ընտրողներու ձայներու 4 տոկոսը, իսկ վերոնշեալ դաշինքներէն՝ 8 տոկոսը։

Ընտողներու թիւը, ըստ ներգաղթի ու քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներու, 2.485.851 է։

Ձեւաւորուած է 38 ընտրարածքային ընտրական յանձնաժողով։ Անոնցմէ 10–ը Երեւանի մէջ են, 4–ական՝ Լոռի, Կոտայքի, Շիրակի մարզերուն մէջ, 3–ական՝ Արարատի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ, 2–ական՝ Արագածոտնի, Սիւնիքի, Տաւուշի մարզերուն մէջ, 1 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողով ձեւաւորուած է Վայոց Ձորի մէջ։ Երեւանի մէջ ընդհանուր ընտրատեղամասերու թիւը 475 է, մարզերուն մէջ՝ 1522։

Ընտրատեղամասերը բացուած են 08։00-ին, պիտի փակուին 20։00-ին։

Ընտրապայքարին կը մասնակցի 18 քաղաքական ուժ (16 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք)։ ԿԸՅ վիճակահանութեամբ սահմանուած անոնց քուէաթերթիկներու համարներն են՝

1-Ռեֆորմիստների կուսակցութիւն (Վաղարշակ Յարութիւնեան)

2-«Բոլորին դէմ եմ» ժողովրդավարական կուսակցութիւն (Սպարտակ Կիւրեղեան)

3-«Ուժեղ Հայաստան» դաշինք (Նարեկ Կարապետեան)

4-Հայաստանի Շնորհապետական կուսակցութիւն (Գուրգէն Սիմոնեան)

5-«Նոր ուժ» ռեֆորմիստական կուսակցութիւն (Հայկ Մարութեան)

6-«Միասնութեան թեւեր» (Արման Թաթոյեան)

7-«Բարգաւաճ Հայաստան» (Գագիկ Ծառուկեան)

8-«Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» (Գէորգ Կարապետեան)

9-Քոչարի ազգային վերածնունդ եւ ազգի զարթօնք կուսակցութիւն (Արտակ Սարգսեան)

10-Հայ ազգային քոնկրես (Լեւոն Զուրաբեան)

11-«Հանրապետութիւն» (Արամ Սարգսեան)

12-Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւն (Լեւոն Շիրինեան)

14-«Ժողովրդավարական համախմբում» (Սուրէն Պետրոսեան)

15-Դեմոկրատիա օրէնք կարգապահութիւն կուսակցութիւն (Վարդան Ղուկասեան)

16-«Քաղաքացիական պայմանագիր» (Նիկոլ Փաշինեան)

17-Հայաստան կուսակցութիւններու դաշինք (Ռոպերթ Քոչարեան)

18-«Յանուն հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» (Արման Բաբաջանեան)։

19-«Լուսաւոր Հայաստան» (Էտմոն Մարուքեան)

Ցանկին մէջ 13-րդ համարի քուէաթերթիկ չկայ, քանի որ այդ թիւի ներքոյ հանդէս եկող քաղաքական միաւորը ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է։

Ընտրութիւններու ընթացքին կը հետեւին շուրջ 350-400 միջազգային դիտորդներ։ Տեղամասերուն մէջ են նաեւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու դիտորդներ եւ քաղաքական ուժերու վստահուած անձինք։

Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (IRI) եւ Հետազօտական միջոցներու Կովկասեան կեդրոն-Հայաստան կազմակերպութեան հարցումները ցոյց կու տան, որ ընտրութեան մասնակցիլ պատրաստուողներու թիւը բարձր է՝ 90 եւ աւելի տոկոս։

2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմած է 49,4 տոկոս, իսկ 2018-ին՝ 48,6 տոկոս։

Նախորդ անգամ ցած մասնակցութեան պայմաններուն մէջ ստացած քուէներով խորհրդարան անցած էր ընդամէնը երկու ուժ՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը՝ (53,91 %) եւ «Հայաստան» դաշինքը՝ (21,09%), իսկ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի «Պատիւ ունեմ» դաշինքը 5,22 տոկոս քուէով խորհրդարան անցած էր միայն իրաւունքի ուժով։