image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուները պայթեցնելու սպառնալիք

Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուները պայթեցնելու սպառնալիք

Անյայտ չարամիտներ յայտարարած են, որ պիտի պայթեցնեն Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուները եւ պահանջած են դուրս բերել ՀԱՊԿ զօրախումբերը Ղազախստանէն, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:  

«Նախօրէին Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու ելեկտրոնային փոստին նամակներ ուղաուած են՝ սպառնալիքով, որ պիտի պայթեցնեն դեսպանատուները։ Անյայտ անձեր պահանջած են դուրս բերել այդ երկիրներուն զօրախումբերը Ղազախստանի տարածքէն», ըսած է գործակալութեան աղբիւրը։

Անոր խօսքով՝ դեսպանատուներուն շէնքերը ստուգուած են, պայթուցիկ սարքեր կամ նիւթեր չեն յայտնաբերուած։