image

Ռուսաստանի կոշտ պատասխանը՝ Պլինքընին

Ռուսաստանի կոշտ պատասխանը՝ Պլինքընին

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի յայտարարութեան, որ, յղում ընելով պատմութեան, ըսած է, որ ռուսերը, յայտնուելով ուրիշի տան մէջ, չեն շտապեր հեռանալ: 

«Եթէ Էնթոնի Պլինքընը այդքան շատ կը տիրէ պատմութեան դասերը, ապա թող նկատի ունենայ հետեւեալը. երբ ամերիկացիները քու տանդ մէջ կը յայտնուին, ապա դժուար է ողջ մնալ, թալանուած կամ բռնաբարուած չըլլալ», կ'ըսուի պատասխանին մէջ:

Դիւանագէտները պետական քարտուղարութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը ձանձրալի անուանած են՝ նշելով, որ նման կատակները տեղին չեն, երբ խօսքը ողբերգական իրադարձութիւններու մասին է։ ԱԳՆ-ն ընդգծած է, որ ռուս զինուորականներ Ղազախստան ուղարկելը «ՀԱՊԿ-ի բացարձակ օրինական պատասխանն է Ղազախստանի ղեկավարութեան՝ անվտանգութեան ապահովման հարցով օգնութիւն ցուցաբերելու կոչին»։