Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն փակ հանդիպման առաջարկ ստացած են՝ քննարկելու Ատրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացը, սակայն մերժած են։ Այս մասին ըսուած է երկու խմբակցութիւններու համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Անոնք յայտնած են, որ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ փակ հանդիպում ունենելու առաջարկ եւ երկու խմբակցութիւնները վերահաստատած են իրենց դիրքորոշումը փակ հանդիպումներու աննպատակայարմարութեան վերաբերեալ։
«Այս ընթացքում իշխանութիւնները բազմիցս ապացուցել են, որ գաղտնի բանակցութիւններ են վարում՝ յառաջ մղելով բացառապէս իրենց հակաժողովրդական օրակարգը։ Հայ ժողովրդին յուզող հարցերի շուրջ փակ հանդիպման ձեւաչափն անընդունելի է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: