Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովումը առաջնահերթ խնդիր է Մոսկուայի համար, որուն ուղղուած համապատասխան քաղաքականութիւն կը վարէ Ռուսիան: Այդ մասին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի յայտարարութեան, որ Թեհրանը Այսրկովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան փոփոխման միտումներ կը տեսնէ:
«Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են «3+3» ձեւաչափ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը (Ռուսաստան, Իրան, Թուրքիա, Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան): Մեր իրանցի ընկերները դրական կը վերաբերին այս նախաձեռնութեան», ըսած է Զախարովան։
Մարիա Զախարովան այդ ծիրին ներս անդրադարձած է Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման՝ նշելով, որ Ռուսաստանը համապատասխան համապարփակ քաղաքականութիւն կը վարէ՝ այդ շարքին երկխօսութիւն պահպանելով տարածաշրջանի բոլոր խաղցողներուն հետ: