Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ իր ուժերը խափանած են ուքրանական «Զմինի» կղզիին մէջ ցամաքահանում կատարելու փորձը, խոցած են գործողութեան մասնակցող օդանաւներուն մեծ մասը եւ ոչնչացուցած է ուքրանական ռազմական նաւը։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր հակաօդային պաշտպանութիւնը Կիրակ գիշեր խոցած է ուքրանական երկու «Սու-24» ռմբակոծիչ եւ «Մի-24» ուղղաթիռ Օտեսայի ափերուն մօտ գտնող Զմինի կղզիին վրայ։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Իկոր Քոնաշենքով յաւելած է, որ «Օտեսա քաղաքին մօտակայքը խոցուած է «Bayraktar-TB2» անօդաչու թռչող սարք»։
Ռուս խօսնակը յայտարարած է, որ «Օտեսայի մօտ ոչնչացուած է նաեւ ուքրանական նաւատորմի 1241 նախագիծի ռազմածովային նաւը՝ օդէն արձակուած բարձր ճշգրտութեան հրթիռներով»։
Ընդհանուր առմամբ, վերջին 24 ժամուան մէջ այս տարածքին մէջ ոչնչացուած են չորս ուքրանական օդանաւ եւ չորս ուղղաթիռ, այդ շարքին՝ երեք ցամաքահան, երեք «Bayraktar-TB2» անօդաչու թռչող սարք եւ ուքրանական նաւատորմի մէկ գրոհային եւ ցամաքահան սարք։