image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաց դեսպանը գոհ է ընտրութեանց ընթացքէն

Ռուսաց դեսպանը գոհ է ընտրութեանց ընթացքէն

Ռուսաստանի Դաշնութեան  ութերորդ գումարման Դաշնային ժողովի Պետական տումայի ընտրութիւնները տեղի ունեցան նաեւ Հայաստանի մէջ։ ՌԴ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին նշեց, որ, ընդհանուր առմամբ. Հայաստանի մէջ ստեղծուած է 6 ընտրատեղամաս՝ ՌԴ դեսպանատան, «Էրեբունի» օդակայանին եւ Կիւմրիի մէջ, որմէ մէկը՝ ՌԴ գլխաւոր հիւպատոսարանին եւ երեքը՝ ռուսական 102-րդ ռազմական խարիսխին մէջ։

«Քուէարկութիւնը բնականոն ընթացել են։ Ռուսաստանի օրէնսդրութեան համապատասխան ձեռնարկուել են բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ՌԴ քաղաքացիների ազատ կամարտայայտութիւնը ապահովելու համար», ըսաւ ՌԴ դեսպանը։

Քոփիրքին քաղաքացիներուն աշխուժութիւնը բնական գնահատեց։ 

ՌԴ դեսպանին խօսքով՝ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ հաշուառուած են շուրջ 20 հազար Ռուսաստանի քաղաքացի, սակայն իւրաքանչիւր ոք, որ Ռուսաստանի անձնագիր ունէր կրնար մասնակցիլ քուէարկութեան։

Նշենք, որ Ռուսաստանի մէջ ընթացան Պետտումայի ընտրութիւնները։ Համավարակին պատճառով անոնք տեղի ունեցան երեք օրով՝ 17-19 Սեպտեմբերին։