image

Ռուբէն Զարդարեան. Յիշողութեանս մէջ

Ռուբէն Զարդարեան. Յիշողութեանս մէջ

 Նոյն ճակատագրի խաղերուն մասին, անոր անհոգ խաւարումներուն, անոր բերած մեծ կորուստներուն մասին դատում ընողները շատ են։

 Ու անոնք են, այդ շատախօս բերանները, որոնք հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Զօհրապը Թալէաթ Փաշային հետ ընկերութեան մը սեղանը կը կիսէր, կամ ինչո՞ւ նոյն Ռուբէն Զարդարեանը, այդքան սիրով ու ջերմութեամբ կը փորձէր բալասան մը ճարել մեծ վէրքերու մէջ եղող Օսմանեան կայսրութեան, կամ ինչո՞ւ, այո ինչո՞ւ մեծ բանաստեղծ Սիամանթոն հեռու- հեռունե՜ր՝ «Նիակարա»ի ջուրերը հասնելէ յետոյ, յանկարծ մեծ վերադարձի մը, կամ «Զիս Պոլիս տարէք» ըսելու երգով մը կը վերադառնար դէպի իր բնօրրանը։ 

 Այս անունները ապրեցուցին այդ ժամանակի շունչը։ Գուցէ նոյնիսկ գիտէին, որ դառն ճակատագիր մը կը սպասէր իրենց, բայց ուզեցին այդ բաժակ մը ցաւի մեծ ահեղութեան դիմաց կանգնիլ ու ծաղրել նոյն այդ լեղի դէպքերուն մեծ պատահումը։ 

 

 

 

Ապրիլ 24-ի խորհուրդ ին դիմաց 

Բացառիկ յօդուած մը ստորագրած է Ռուբէն Զարդարեանը, որ կը կրէ՝ «Վստահութեան օձը» վերնագիրը։

Ճիշդը Զարդարեանի կանաչ կողքով հատորը (հրատարակութիւն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի) միշտ ալ եղած ուշադրութեանս կեդրոնին։ 

 Երկար կամ կարճ ճամբորդութիւններուս, Երեւան քաղաքի ամենատարբեր սրճարաններուն, կամ մայթերուն վրայ զետեղուած նստարաններուն վրայ ՝Զարդարեան միշտ ներկայ է։ 

 Իր սրածայր պեխով, խորիմաց մտածողի հայացքով, համակ՝ էութեամբ։

 Զարդարեան առաջադէմ որպէս, որպէս մեծ սիրողը այդ քաղաքին, որուն սէրը չես գիտեր ինչ հմայքով, ինչ գաղտնի ճամբաներով ու գուցէ նոյնիսկ փշոտ մացառներով աճեցաւ դէպի քեզ։ Դէպի միւս երեսը ինքնութեանդ, որ ամէն անգամ վեր հանեց ինք խորունկներուդ մէջ ընկղմած կարմիր բառերը։

 Զարդարեանը գուցէ մէկն է այն հարիւրներէն, որոնք ինձմէ եւ քեզմէ առաջ սիրեցին երկիրը, ցաւեցան անոր համար, ապրեցան այդ ցաւը եւ փոխակերպուեցան ու դարձան «իքոնա»նե»։ Ռուբէն Զարդարեան դարձաւ մէկը այն հարիւրներէն, որոնք մտան մեր երակներուն մէջ ու բնակեցան այնտեղ։

 Այդ հաստատումը, այդ թաղանդը եւ այդ մեծ ապրումը, որն առանց լլկումի եւ առանց յոգնութեան մեզ տարաւ հեռո՜ւ-հեռուներ ու մենք, որպէս մասնիկը այն հին պատմութեան որ կը հոսի մինչեւ այսօր ...։ 

 Կը հոսի առանց հարց տալու մեր բողոքին, մեր վրիպումներուն, մեր վէրքերուն եւ մեր մեծ որոնումներուն մասին։ 

 Հին քաղաքը նկարագրելու ատեն պիտի նկատես անշուշտ, որ հոն երկու տեսակի բնակիչներ կան։ 

 Կան անոնք, որ դժուարութեան օրերուն միակ պայուսակ մը «հաւաքեցին» ու քալեցին դէպի ապահով ափեր ու կան անոնք, որ չլքեցին իրենց հողը, քշուեցան, ծարաւ մնացին, մահացան բայց չլքեցին երկիրը։

 Որոշելու, որոնումի կամ փրկութեան մը հասնելու ընտրանքն ալ չէ ասիկա, այլ մարդուս մէջէն բխող զգացում մըն է, որ կը կապուի իր եսին հետ եւ ապա կամաց-կամաց կը դառնայ ճակատագիր։ 

 Եւ իրօք քանի-քանիներ այդ ճակատագրին իրական տէրերը դարձան, քանի-քանիներ այդ ճակատագիրը պահպանեցին ու քանի-քանիներ հաւատացին իրենց համար սահմանուած ճակատագրին...։

 Նոյն ճակատագրի խաղերուն մասին, անոր անհոգ խաւարումներուն, անոր բերած մեծ կորուստներուն մասին դատում ընողները շատ են։

 Ու անոնք են, այդ շատախօս բերանները, որոնք հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Զօհրապը Թալէաթ Փաշային հետ ընկերութեան մը սեղանը կը կիսէր, կամ ինչո՞ւ նոյն Ռուբէն Զարդարեանը, այդքան սիրով ու ջերմութեամբ կը փորձէր բալասան մը ճարել մեծ վէրքերու մէջ եղող Օսմանեան կայսրութեան, կամ ինչո՞ւ, այո ինչո՞ւ մեծ բանաստեղծ Սիամանթոն հեռու- հեռունե՜ր՝ «Նիակարա»ի ջուրերը հասնելէ յետոյ, յանկարծ մեծ վերադարձի մը, կամ «Զիս Պոլիս տարէք» ըսելու երգով մը կը վերադառնար դէպի իր բնօրրանը։ 

 Այս անունները ապրեցուցին այդ ժամանակի շունչը։ Գուցէ նոյնիսկ գիտէին, որ դառն ճակատագիր մը կը սպասէր իրենց, բայց ուզեցին այդ բաժակ մը ցաւի մեծ ահեղութեան դիմաց կանգնիլ ու ծաղրել նոյն այդ լեղի դէպքերուն մեծ պատահումը։ 

 Անոնք ծաղրի առին ամբողջ պատմութիւնը, ամբողջ դիպուածը, ամբողջ վէրքը մեր ժողովուրդին վրայ թափուած ու ամբողջ անէծքը, որ խաւարներուն մէջ ուրուական դառնալով կը հալածէ մեծ քաղաքը իր ողջ տարողութեամբ։

 Նոյն այդ քաղաքին մէջ, անոնք հաց կիսեցին, մոմ վառեցին, աղօթեցին, ապրեցան, բայց մանաւանդ սիրեցին։

 Սիրեցին այդ կտոր մը հողը, որ իրենց ու մեր պատմութեան իրական ձուլարանն էր։ 

Ձուլարանն էր հոգիներուն, որոնք կը հեռանան, բայց չեն աղմկէր։ 

 Ձուլարանն էր հուր սրտերուն, որոնք արիւն ու ցաւ թափեցին այդ երկրին մէջ ու այդ երկրին համար։ 

 Ձուլարանն էր այդ երկիրը, որուն խաչմերուկներուն ու երկար ճանապարհներուն վրայ կարմիր օղակներ շարուեցան։ 

 Ճանապարհներու ձուլարանն էր ան, ուր մահը եւ կեանքը նոյն մայթերէ քալեցին, մագլցեցան, սողացին, ինկան, բայց չմեռան։ 

 Չմեռան, որովհետեւ որոշած էին ապրիլ, որոշած էին մնալ, ու մանաւանդ սիրել։

 Զարդարեանն ու իր ընկերները, այդ մեծ անուններու ամբողջ երամը հողի ու սիրոյ համար եղած աստղեր էին։ 

 Ու դուք ըսէ՜ք, աստղերը կ՚իյնա՞ն, աստղերը կը մարի՞ն, կամ աստղերը կը մեռնի՞ն...։

Մեծ քաղաքի աղմուկին մէջ, գիրի եւ գիրքի բառերուն, քառակուսիներուն, դեղին ու խոնաւ էջերուն վրայ կը սահի անոնց փրկութեան ժամանակը եւ կը զարդարէ մեր ամբողջ առօրեան։ 

 Մեռելները, որ կան մեր հետ են գուցէ, կամ մեր կողքն են, որ մեր անուններու բառերուն մէջ են, մեր սնարին, մեր սենեակի վարագոյներուն, մեր տեսնուած կամ ուշացող երազներուն մէջ կը  յորդին հիմա...։ 

 Կը յորդին ու կը պատմեն մեզի, որ անպայման կայ վերադարձ մը հին եւ մաշեցնող մահէն։ Որ կան, պիտի ըլլան դարձեալ պայծառ առաւօտներ, ուր բոլորը շարքի պիտի կանգնին ու պատմեն իրենց լուսաւոր ճանապարհորդութիւններուն ու սիրոյ երգերուն մասին։ 

 Գուցէ ամէն տեղ են անոնք, Պոլսոյ ամէնախիտ փողոցներուն մէջէն, դէպի վեր բարձրացող նեղլիկ թաղերէն կամ մինչեւ կապոյտը հոսող ճանապարհները, որոնք կը տանին հեռացումի նաւակներուն, ուր կան կոտրուած թիերը մեր ինքնութեան։ 

 Ուր կան բառերը ամայի քաղաքներուն, կամ մեծ վերադարձներուն, որոնց կարօտը ա՜խ կը տանջէ հոգիս։ 

 Ես ինչ գրեմ անոնց համար, անոնց մասին, որոնց մեղադրանքներ կը յղուին այսօր։ Անոնց մասին, որ իմ ժողովուրդիս պայծառ երեսներն են, օրհնանքն են, բառն են, հողի արմատն են, բանն են ու մանաւանդ սէրն են։ 

 Ի՞նչ ըսեմ անոնց, ու ինչ պատմեմ բոլոր քաղաքներուն մասին, ուրկէ կ՚անցնի իմ թրուպատուր հոգին։ 

 Հոս Երեւանի ծայրամասերուն, անոր խոնաւ մեթրոյի անցքերուն, հոն Պէյրութի մէջ, անոր թաց ու վիրաւոր ճանապարհներուն վրայ։ 

 Դեռ հոն՝ դէպի Աթէնք կատարուած ճամբորդութեան օրերուն , կամ Թիֆլիզ տեղ մը, մօրուքաւոր քաղաքի ճիշդ անկիւնը, այլ տեղ մը Տիգրան մեծէն մնացած յուշին մէջ՝ Կիպրոս ... եւ դեռ ահագին տեղեր, անկումի, յառնումի, ապրումի... բայց լլկութեան։ 

 Այդ բոլորին մէջ Զարդարեանը չկայ, անոր մերձաւորները չկան, անոր սրածայր պեխերուն վրայ պատմութեան ժամացոյցը չի խօսիր ու անոր Ֆէսի ծայրերուն գաւառի հայութեան վէրքը չի կոտտար ...

 Հոն, հեռուին մէջ, որոնումի վերջին ծալքերուն, հողի ու սիրոյ կենացներուն ու արբեցումին հետ։ Հոն ուր ուրիշներ չհասան ու դեռ ուրիշներ ալ  չերեւցան...

 Հոն ապրիլները միշտ կարմիր էին, ու հոն դարձեալ փրկութեան լաստերը ճերմակ սաւաններով կը փաթթէին կարծր դարձած մեր վէրքերը...

 Հոն հեռուին համար, տխուր երգերուն ու սակայն պայծառ գալիքին մէջ, մեզ պահող, մեզ փրկող, մեզ իրարու մօտեցնող։ 

 Հոն, ուր Զարդարեանները չեն մեռնիր, որով եղած են ի սկզբանէ ապրելու համար, հողին համար ՝ սուրբ եւ սիրոյ մատեանին մէջ ամէնական...։ 

 Հո՜ն մինչեւ նոր սկիզբը մեր բոլոր հանդիպումներուն ու յանուն մեր մեծ սէրերուն։

 

 Սագօ Արեան 

«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...