image

Ռուբէն Վարդանեանը հացադուլ յայտարարած է. ան կը պահանջէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը

Ռուբէն Վարդանեանը հացադուլ յայտարարած է. ան կը պահանջէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը

Ռուբէն Վարդանեանը հացադուլ յայտարարած է՝ պահանջելով անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալները։

Վարդանեանի ընտանիքի տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ան հացադուլը սկսած է ապրիլ 5-ին, որ յաջորդած է միջազգային իրաւական չափանիշերուն համապատասխան, արդար ու թափանցիկ դատավարութիւն ապահովելու վերաբերեալ Վարդանեանի եւ անոր փաստաբանի բազմաթիւ դիմումներուն։ Յատկանշական է, որ հացադուլն սկսելէ ետք դադրեցուած են ընտանիքի հետ անոր հեռախօսազանգերը՝ բացայայտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի բոլոր նորմերը։ Հարկ է նշել, որ յունուարին սպասուող դատաքննութիւնն առանց պատճառի տեղափոխուած է մինչեւ մայիս:

«Խորապէս մտահոգուած եմ հօրս առողջութեամբ եւ վիճակով: Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսել նրան: Ապրիլի 5-ից՝ հացադուլն սկսելուց ի վեր, նրա հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցել»,-ըսած է Դաւիթ Վարդանեանը՝ Ռուբէն Վարդանեանի աւագ որդին։

«Ռուբէնի եւ Արցախի միւս նախկին ղեկավարների ապօրինի կալանաւորումը մարդու իրաւունքների եւ միջազգային արդարադատութեան համակարգի կոպտագոյն խախտում է, եւ դրան պէտք է վերջ դրուի: Այս ամբողջ իրադրութեան զաւեշտն այն է, որ Ադրբեջանը, ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան կոնֆերանսը՝ COP 29-ը հիւրընկալելով, անամօթաբար փորձում է «մաքրագործել» իր միջազգային համբաւը։ COP-ը մեծ ուշադրութիւն է դարձնում կլիմայի փոփոխութեան եւ մարդու իրաւունքների փոխկապակցվածութեանը, մինչդեռ նրանք, ակնյայտօրէն, երկուսն էլ չարաշահում են»,- ըսած է ՄԱԿ-ի Համաշխարհային պայմանագրի փոխնախագահ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան Ընտրող յանձնաժողովի անդամ Փոլ Փոլմանը։

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ.

1. Անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել ապօրինաբար կալանաւորուած բոլոր հայ բանտարկեալները, այդ շարքին՝ Ռուբէն Վարդանեանը։

2. Ապօրինի դատավարութիւնները կայանալու պարագային ատոնք պէտք է տեղի ունենան մինչեւ մայիս՝ բանտարկեալներու կալանքի ժամկէտներու լրանալը, պէտք է համապատասխանեն համաշխարհային իրաւական չափանիշերուն, եւ միջազգային դիտորդներուն ու լրատուամիջոցներուն պէտք է թոյլատրուի մասնակցիլ ատոնց:

3. Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ մուտքի հնարաւորութիւն տայ Միջազգային կարմիր խաչին՝ Ռուբէնի եւ միւս բանտարկեալներու վիճակը գնահատելու համար։ Պէտք է վերականգնուի Ռուբէն Վարդանեանի հետ ընտանիքի հեռախօսակապը։

4. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

5. COP 29-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Ատրպէյճանի մէջ՝ առանց նշուած քայլերու իրագործման: