image

Ռուբէն եւ Արազ. Օճախ հիմնեցին հայրենի երկինքի տակ

 Ռուբէն եւ Արազ. Օճախ հիմնեցին հայրենի երկինքի տակ

Կիրակի օրը ուրախ օր էր Ճանպազեան եւ Չիլոյեան ընտանիքներուն համար։ 

 Արդարեւ ի ներկայութիւն հարազատներու եւ ընկերներու անոնց զաւակները՝ Ռուբէնը եւ Արազը արժանի դարձան Սուրբ Պսակի խորհուրդին։

 

 Ռուբէն Ճանպազեան եւ Արազ Չիլոյեան, որոնք երկուքն ալ տարբեր ժամանակներով Հայաստան ապրած են ամիսներ առաջ արդէն որոշած էին վերջնականապէս հայրենադարձուիլ։

 

 Ուշագրաւն այն է, որ մեր երիտասարդ հայրենակիցները սոսկ պտոյտի կամ զբօսաշրջութեան համար չեն եկած հայրենիք, այլ նաեւ բերած են իրենց փորձառութիւնը ու նաեւ շնորհիւ իրենց մասնագիտական ունակութիւններուն յաջողած են փայլուն աշխատանքներ ունենալ Հայաստանի մէջ։

 

 Ինչպէս Հայաստանի հետ առնչութիւն ունեցող ցանկացած հայ երիտասարդ անոնք եւս անդամակացած են Սփիւռքի հայկական կազմակերպութեանց եւ շնորհիւ այդտեղ ստացած դաստիարակութեան իրենց ուշադրութիւնը սեւեռած են Հայաստանի հանդէպ։

 

 

Հարկ է յիշեցնել, որ մասնաւորապէս 2000-ականներէն ի վեր սփիւռքի երիտասարդութեան համար կիզակէտային դարձած հայրենադարձութեան գաղափարը անոնց համար եւս եղած է էական եւ կարեւոր. Անոնք մէկդի դնելով արեւմուտքի եւ «արեւմտեան կեանք»ի բոլոր բարիքներն ու յարմարութիւնները ահա այսօր անոնք գործով փաստեցին, որ ինչքան կը սիրեն երկիր ՝ Հայաստանը։

 

 

 Ռուբէնի եւ Արազի պարագան աւելի քան վարակիչ ըլլալու հիմունքներ ունի, յատկապէս որ անոնք կու գան հայեցի դաստիարկութիւն սնուցող եւ հայկականութեամբ ապրող օճախներէ։

 

 Նշենք նաեւ, որ Ռուբէն որդին է գանատահայ ազգային գործիչ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեանին։

 

 Փայլուն եւ խաղաղ օրեր կը մաղթենք մեր բարեկամներուն։