image
Հրատապ լուրեր:

Ռոտ Այլընտ շրջանին մէջ Դեմոկրատականները ունին հայ ներկայացուցիչ՝ Քեթրին Ղազարեան

Ռոտ Այլընտ շրջանին մէջ Դեմոկրատականները ունին հայ ներկայացուցիչ՝ Քեթրին Ղազարեան

ԱՄՆ Ռոտ Այլընտ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի դեմոկրատները հայազգի գործիչ Քեթրին Ղազարեանը ընտրած են որպէս պալատին մէջ մեծամասնութիւն կազմող Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, որուն առաջադրանքն է օրէնսդիր մարմնին մէջ ապահովել կուսակցական կանոնակարգի պահպանումը: Այս մասին կը յայտնէ Horizon Weekly-ն:

Պարբերականի փոխանցմամբ՝ Ղազարեանը հեղինակած է շարք մը օրինագիծեր, որոնք կ'առնչուին նահանգի բնակիչներու առողջութեան ապահովագրութեան: Ան նաեւ նպաստած է այլ օրինագիծերու առաջխաղացման, որոնք կոչուած են նուազեցնելու ուսանողներու նիւթական ծանրաբեռնուածութիւնը:

Ղազարեանը մեծցած է Ռոտ Այլընտի Իսթ Փրովիտընս քաղաքին մէջ, աւարտած է Քոլումպիայի համալսարանի տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքային ուսումնասիրութիւններ բաժինը: